«Արմէնփրէս».-Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ 21 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 10:30-ին «Անվախ» դիրքի ուղղութեամբ թշնամիի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումը ձեռնարկած է հերթական յարձակումի: Դիմատետրի իր էջին այս մասին գրած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ, ըստ նախնական տուեալներու, թշնամին, բացի կորուստներէ, ունի նաեւ ծուղակը մնացած զինուորներ:
«Հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումը ետ մղած է թշնամիի յարձակումը` պատճառելով զգալի կորուստներ: Ըստ նախնական տուեալներու, թշնամին, բացի կորուստներէ, ունի նաեւ ծուղակը մնացած զինուորներ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի», գրած է Շուշան Ստեփանեան:
Այս մասին դիմատետրի իր էջով անդրադարձած է նաեւ Ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան, որ գրած է. «Քիչ առաջ թշնամին կրկին յարձակումի ձեռնարկած է «Անվախ» դիրքի ուղղութեամբ ու կորուստներով ետ շպրտուած»: