ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 – Անցեալ շաբթուան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբը մեկնեցաւ Հոմս, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան բ. փուլի մրցումներուն: ՀՄԸՄ-ի կազմը խաղաց Հուրիէ, Սաուրա եւ Թալիա խումբերուն դէմ եւ կրեց երեք պարտութիւն:
– ՀԵԸ-ի պասքեթի աղջկանց խումբը Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցած բ. դասակարգի լրացուցիչ փուլի մրցումներուն պարտութեան մատնուեցաւ Իթթիհատէն 42-46 արդիւնքով: Երկրորդ օրը կազմը յաջողեցաւ յաղթել Սալամիէին 52-54 արդիւնքով:
– Սուրիոյ ֆութպոլի Նախագահի Բաժակի մրցումներուն Հալէպի Իթթիհատը շարունակելով իր ձախող արդիւնքները կրեց անակնկալ պարտութիւն մը Թարթուսի Սահէլէն, որուն պատճառով ան դուրս մնաց մրցաշարքէն: Դամասկոսի Ուահտէն եւ Ճէյշը յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Ֆութուէն եւ Շրթան, իսկ Մաճտ խումբը, որ մաս կը կազմէ բ. դասակարգի խումբերուն, յաղթեց Միսֆաթ Պանիասին:
– Վերջին պարտութիւնը արձանագրելէ ետք, Հալէպի Իթթիհատ խումբի մարզիչ Մուհամմետ Աքիլ ներկայացուց իր հրաժարականը: Ակումբի վարչակազմը յառաջիկայ օրերուն համար մարզիչի պաշտօնը առժամաբար վստահեցաւ Ահմատ Հաուաշին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲԸ ԴԱՐՁԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Պատմութեան մէջ 34-րդ անգամ ըլլալով Սպանիոյ մայրաքաղաքի թագաւորական խումբը՝ Ռէալ Մատրիտը յաջողեցաւ տիրանալ երկիրին ախոյեանութեան: Նախքան տարեշրջանի մրցաշարքին աւարտը, Զիտանին խաղացողները կրցան 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Վիլառէալը: Խումբը իր յաղթանակը կը պարտի ֆրանսացի յարձակողական խաղացող Քարիմ Պենզիմային որ դարձաւ երկու կոլերու հեղինակ: Պենզիմային երկրորդ կոլը եղաւ տուգանային հարուածով: Քաթալոնական Պարսելոնայի խումբը, որ կը տառապի ներքին հարցերով, 2-1 արդիւնքով զիջեցաւ Օսասոնային: Պարտուած խումբին միակ կոլը նշանակեց արժանթինցի Մեսսին՝ մնալով կոլիստներու աղիւսակին առաջին դիրքին վրայ:
ՔԻՔԻ ՍԻԹԻՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՒԱՐՏԱԾ Է ՔԱՄՓ ՆՈՅԻ ՄԷՋ 
Սպանական «Մոնտօ Տիփորթիւօ» օրաթերթը Կիրակի օրուան լուրերուն մէջ անդրադարձաւ Պարսելոնայի մարզիչ Քիքի Սիթինի մեծ հաւանականութեամբ քաթալոնական խումբէն հեռանալուն՝ խաղացողներուն մեծամասնութեան հետ հարցեր ունենալուն պատճառով: Թերթը յիշեց, որ խաղացողներուն եւ մարզիչին միջեւ յարաբերութիւնը այնքան ալ համերաշխ չէ եւ անոնք կ’ուզեն մարզիչին հեռացումը: Ըստ տեղեկութիւններուն, Քիքին փոխարինող թեկնածուներէն մէկն է Պարսելոնայի նախկին խաղացող Փաթրիք Քլոյվէրթը: Քլոյվէրթին անունը առաջարկողներէն մէկն է խումբի արժանթինցի խաղացող Լիոնէլ Մեսսին, որ վերջերս  սկսած է իր անձնական կարծիքը պարտադրել վարչութեան, միեւնոյն ժամանակ սպառնալով, թէ կրնայ հեռանալ խումբէն, եթէ պահանջքները չիրագործուին:
Աւելցնենք, որ հոլանտացի մասնագէտը կը տիրապետէ վեց լեզուներու՝ հոլանտերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ փորթուկալերէն:
ԼԱՔԱԶԷԹԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ԻՒՎԷՆԹՈՍԻ ԿՈՂՄԷ 
Կիրակի օր իտալական եւ ֆրանսական մամուլը անդրադարձաւ Իտալիոյ ախոյեան Իւվենթուսի սկսած լուրջ բանակցութիւններուն Անգլիոյ Արսենալ խումբի ֆրանսացի խաղացող Ալեքսանտր Լաքազեթի հետ: Ըստ աղբիւրին, իտալական ակումբի ղեկավարները հանդիպում մը ունեցած են Լաքազեթի գործակալին հետ եւ սահմանած են պայմանագրութեան յօդուածները: Աւելցնենք, որ ֆրանսացի խաղացողը Արսենալին միացաւ 2017-ին, փոխան 55 միլիոն եւրոյի: Ան այս տարեշրջանին յաջողեցաւ նշանակել 12 կոլ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան