«Շանթ» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Հեռանկար» հաղորդաշարին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան յայտնած է, որ Ուքրանիան բարդոյթ ունի` ընկալելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան էութիւնը, ընկալելու լրջագոյն սպառնալիքները, որոնց հետ բախում կ’ունենայ Արցախի ժողովուրդը, Արցախի Հանրապետութիւնը, իսկական սպառնալիքը, որ կը վերաբերի մեր տարածաշրջանի ապահովութեան, եւ բարդոյթ ունի` տարանջատելու հակամարտութիւնները եւ գնահատելու հակամարտութիւնները` ըստ իրենց արժանիքին, էութեան, պատմութեան:
«Այդ առումով է, որ մենք ունինք անհամաձայնութիւն:
Մենք երկու տարուան ընթացքին շատ հետեւողականօրէն կ’աշխատինք Ուքրանիոյ հետ այդ առումով, որովհետեւ Ուքրանիոյ բարեկամ ժողովուրդին հետ մենք որեւէ բարդոյթ, որեւէ հարց չունինք, եւ պիտի շարունակենք հետեւողականօրէն աշխատիլ այդ ուղղութեամբ եւ հասցնել մեր ազդակները եւ պատգամները: Մենք համբերատար ենք եւ պիտի շարունակենք մնալ: Բայց պիտի շարունակենք անընդունելի համարել դիրքորոշումներ, որոնք կտրուած են իրողութենէն, որոնք հիմնուած են այդ համընդհանուր մօտեցումներուն վրայ: Սա ո՛չ տարածաշրջանին, ո՛չ իրենց, ո՛չ մեզ որեւէ օգուտ չի բերեր»,ընդգծած է Մնացականեան: