«Երկիր».-Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հերքէ տարածուած այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն թրքական F-16 կործանիչներ մօտեցած են Հայաստանի սահմանին` Երեւանէն 56 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
«Ինչ կը վերաբերի օդային իրադրութեան, շրջանառուող տեղեկութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ», ըսուած է այսօր` 3 Օգոստոսին, ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշենք, որ աւելի ուշ Lenta.ru-ն, վկայակոչելով Avia.pro-ն, հաղորդած էր, որ թրքական առնուազն 2 F-16 կործանիչներ մօտեցած են Հայաստանի սահմանին եւ վերադարձած են, երբ մայրաքաղաք Երեւանէն անոնց հեռաւորութիւնը 56 քիլոմեթր էր: Ըստ կայքին, այս բոլորը իրականացուած է Երեւանին կարելի հարուած հասցնելու զօրավարժութեան շրջագիծէն ներս: