Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան,
Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00 -ին, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան
«Անի» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի
երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի վերընտրութեան առիթով շնորհաւորական ընդունելութիւն։

Հանդիսութեան սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ
Արհի. Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան,պետական բարձրաստիճան
պաշտօնեաներ, Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ
համայնքապետներ, հայկական եւ արաբական կազմակերպութիւններու, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու, մարզական,
մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց ներկայ հրաւիրեալներուն, ապա երախտագիտութիւն յայտնելով ըսաւ. «Այս շնորհաւորական հանդիպումը պիտի համարեմ համայն հալէպահայութեան
յաղթանակի օրը, որուն յաջողութիւնը կը պարտինք մեր միակամութեան եւ փոխադարձ
վստահութեան, յանուն գալիք բարւոք կեանքի մը երաշխիքին»։
Այնուհետեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը բարձրօրէն գնահատեց հալէպահայթեան միասնական աշխատանքը, աւելցնելով որ
<<Բոլորս պէտք է գիտակցինք, որ ձեռքբերուած այս յաղթանակը տիտղոսներ եւ
կոչումներ ստանալու համար չէ, այլ մեծ նուիրում է, լուրջ պատասխանատուութիւն`
հանդէպ Սուրիոյ հայ համայնքին եւ Սուրիական Հայրենիքին»։
Երեկոն ջերմացաւ ներկաներուն փոխադարձ շնորհաւորանքներով եւ գալիք օրերու
պայծառատեսութեամբ։
Հալէպահայութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, որ միութիւնը զօրութիւն է։