«Արմէնփրէս».- ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիտարկէ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին թիրախային եւ շտապ օգնութիւն ցուցաբերելու տարբերակները:
«Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով հայահոծ շրջաններուն մէջ, ինչպէս ամբողջ Պէյրութի մէջ, աւերուածութիւնները լայնածաւալ են. փլուզուած են շէնքեր, վնասուած են եկեղեցիներ, վնասուած է նաեւ Հայկազեան համալսարանի շէնքը: Ներկայ դրութեամբ մեր գործընկերներուն հետ միասին կը դիտարկուին եւ կը գնահատուին Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին թիրախային շտապ օգնութիւն ցուցաբերելու տարբերակները», գրած է Նաղդալեան: