«Գանձասար»ի մարզական թղթակից Ռաֆֆի Սիւլահեան տեղեկացուց, որ Սուրիոյ պասքեթի մարզին մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած խաղացողներու, մարզիչներու եւ պատասխանատուներու թիւին բարձրանալուն պատճառով, Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը (Ֆետերասիոնը) որոշեց աւարտած համարել երկրին պասքեթի տղոց եւ աղջկանց խումբերու մրցաշարքերը։