«Երկիր».- ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ 9 Օգոստոսին մատուցուած է պատարագ: Պատարագին մասնակցած են Լիբանան մեկնած հայաստանեան պատուիրակութեան անդամները` ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակի ղեկավար Սերժ Վարագ Սիսեռեան, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, Հայաստան-Լիբանան բարեկամական խումբի ղեկավար Հրաչեայ Յակոբեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Սառա Անճարգոլեան:
Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները առանձին հանդիպում ունեցած են Արամ Ա կաթողիկոսին հետ, որուն ընթացքին վեհափառը ներկայացուցած է համայնքին վիճակը, պայթումէն ետք հայաբնակ թաղամասերուն մէջ արձանագրած պատկերը, ըստ որուն` հայերու բնակարանները մեծ վնասներ կրած են, եւ անոնք արագ վերականգնումի կարիք ունին: Վեհափառ Տէրը ընդգծած է նաեւ, որ այժմ կարեւոր է համայնքի կարիքներու առաջնահերթիւնններու վերհանումն ու իրական արժեւորումը, որուն ուղղութեամբ այժմ աշխատանքներ կը տարուին, ստեղծուած է համայնքային բոլոր կառոյցները ընդգրկող յանձնախումբ:
Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտնած է, որ այս այցելութեան նպատակը ոչ միայն մարդասիրական օգնութիւն ուղեկցել է, այլեւ տեղւոյն իրական պատկերին ծանօթանալը եւ լիբանանահայութեան հետ ուղղակի շփումները:
Արամ Ա. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Հայաստանը հզօրացնելու հետ մէկտեղ` պէտք է ամրապնդել նաեւ սփիւռքը: Այս առնչութեամբ Զարեհ Սինանեան կարեւոր համարած է յատուկ լիբանանահայութեան համար «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէն սկսած դրամահաւաքը:
Հանդիպումի աւարտին երկու կողմերը վերահաստատած է, որ հայրենիքին դռները միշտ բաց են սփիւռքի առջեւ: