Սեւրի դաշնագիրը մեր հողային ամբողջականութեան հիմը կազմող համաձայնագիր մըն է, որ միակ իրաւական փաստաթուղթն է հայկական հարցին եւ հողային պահանջին առնչուող բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ: Այս մէկը ամրագրուած էր ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւական վճիռով: Սակայն ներքին ամերիկեան քաղաքական պայմանները չներեցին, որ Միացեալ Նահանգներ առնէ քաղաքական քայլեր՝ իրագործելու այս պայմանագիրը: Ի՞նչ էր այն ժամանակ Միացեալ Նահանգներուն քաղաքականութիւնը եւ ինչո՞ւ Սեւրը կորսուեցաւ ամերիկեան քաղաքական դաշտէն:

17-րդ դարավերջին եւ 18-րդ դարասկիզբին միջազգային քաղաքականութիւնը կը կառավարուէր անգլիական, ֆրանսական եւ ցարական-ռուսական կայսերապաշտ ուժերու կողմէ։ Միջազգային քաղաքականութիւնը մշակուած էր «ռիալիզմով»: «Ռիալիզմ»ը իրաւունք կու տար, որ զօրաւորը իշխէ եւ տկարը ենթարկուի՝ ըստ այս սկզբունքին միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ միայն այն ատեն, երբ երկիրներ իրար հաւասարակշռեն, իսկ երբ այս հաւասարակշռութիւնը խախտի, պատերազմի կարելիութիւնը կը բարձրանայ: Այսպիսով փոքր ազգերը կամ երկիրները չէին կրնար գերիշխող արտաքին քաղաքականութիւն մը ունենալ, որովհետեւ անոնք դարձած էին մեծ կայսրութիւններու քաղաքական պատանդը: Մեծ երկիրներու միջեւ մրցակցութիւնը եւ գաղութատիրական ընդլայնումը խախտեց այս հաւասարակշռութիւնը, երբ Գերմանական կայսրութիւնը դարձաւ ազդեցիկ ուժ եւ փորձեց խախտել այս հաւասարակշռութիւնը․ հետեւանքը Առաջին Համաշխարհային պատերազմն էր, ուր Գերմանիոյ եւ իր դաշնակիցներուն, ներառեալ Օսմանեան կայսրութեան, պարտութեամբ եւ ցարական Ռուսիոյ տապալումով, միջազգային յարաբերութիւնները «հաւասարակշռուեցան» կարճ ժամանակի մը համար: 1919-էն մինչեւ 1939 միջազգային յարաբերութիւնը ի նպաստ Անգլիա-Ֆրանսա դաշինքին էր:

Մինչ մեծ պետութիւնները Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին մէջ էին, մինչեւ 1917, Միացեալ Նահանգները կրցաւ հեռու մնալ պատերազմէն, հզօրանալ եւ ապա տնտեսական ու ռազմական ինքնավստահութեամբ նեցուկ կեցաւ դաշնակից ուժերուն: Առաջին աշխարհամարտի աւարտով Ամերիկան փորձեց «ռիալիզմ»ը փոխարինել  «իտէալիզմ»ով, ուր Ուիլսընի նշանաւոր խաղաղութեան կէտերուն մէջ յիշուեցան փոքր ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման հարցը եւ սա խաղաղութեան բանակցութիւններու հիմք հանդիսացաւ: Այս պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդին իրաւունքները ճանչցուեցան Սեւրի պայմանագիրով:

Սակայն պոլշիւիկեան յեղափոխութիւնը եւ Ռուսիոյ մէջ քաղաքական իրադարձութիւնները  ստեղծեցին ոչ-հայանպաստ քաղաքական պայմաններ եւ ամերիկեան «իտէալիզմ»ը կը հակակշռուէր պոլշեւիկեան այլ «իտէալիզմ»ով մը, ըստ որուն ժողովուրդներու ազատ ինքնորուշումը կը ճզմուէր յանուն դասակարգային հաւասարութեան, սակային իրականութեան մէջ այս պայքարը կը նմանէր 18-րդ դարու «ռէալ փոլիթիք»ին, ուր երկու բեւեռներու միջեւ ուժերու հաւասարակշռութիւն մը ստեղծուեցաւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք: Այսպիսով Միացեալ Նահանգներ սկսաւ փոխել  իր քաղաքականութիւնը եւ «իտէալիզմ»ը փոխարինեց «ռիալիզմ»ով:

Սեւրի պայմանագիրը այսօր ոչ մէկ պետութեան շահերէն կը փխի: Արեւմուտքին համար, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու համար հզօր եւ կայուն Թուրքիա մը պէտք է՝       իրագործելու իր ծրագիրները Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Կովկասի մէջ: Միւս կողմէ Ռուսիոյ համար «անկախ եւ գերիշխան» Թուրքիա մը կրնայ դէմ դնել  շրջանին մէջ արեւմտեան քաղաքականութեան: Այս քաղաքական «խաղ»ը մեզ կը յիշեցնէ 1920-1923 տարիները, երբ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք սերտ կապեր հաստատեց Անգլիոյ եւ Համայնավար Ռուսիոյ հետ, երկու կողմերը օգնեցին Աթաթուրքին «ճզմելու» Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու անկախութեան երազը՝ այն համոզումով, որ Թուրքիան պիտի ծառայէր իրենց համար որպէս քաղաքական գործիք: Շուտով Անգլիա եւ Խորհրդային Միութիւնը յուսախափ եղան, իսկ Հանրապետական Թուրքիան հաւասարակշռելով իր քաղաքականութիւնը երկու մեծ պետութիւններու միջեւ, կրցաւ քաղաքական դաշտէն հեռացնել Սեւրը եւ ստորագրել Մոսկուայի եւ Լոզանի համաձայնագիրները:

Այսպիսով Սեւրը դարձաւ մեծ պետութիւններու հակամարտութեան զոհը: Հայ ժողովուրդը կորնսցուց իր արդար իրաւունքը, սակայն կառչած մնած իր դատին, վեր պահեց պայքարի ոգին եւ պահանջատերութեան ջահը: Հակառակ ներկայ քաղաքական պայմաններուն, թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը իր գործելադաշտը կ՛ընդարձակէ հասնելով մինչեւ հիւսիսային Ափրիկէ եւ Կովկաս, սակայն միջազգային յարաբերութիւնները երբեք հաստատ չեն մնար եւ անոնք միշտ ցնցումներու կը հանդիպին եւ այս ցնցումներուն ժամանակ է, որ փոքր երկիրները իրենց իրաւունքներուն կրնան վերատիրանալ կամ ծանր հարուածներ ստանալ:

Եղիա Թաշճեան