«Երկիր».-Ամերիկեան Google ընկերութիւնը յայտարարած է, որ մտադիր է ստեղծել ամենախոշոր ցանցը, որ կը նախազգուշացնէ սպասուող երկրաշարժերու մասին Android համակարգով գործող սմարթֆոներու օգնութեամբ:
Ընկերութեան մէջ յայտարարած են, որ նոր նախագիծով որեւէ սմարթֆոն, որ կը գործէ Android-ով, կրնայ դառնալ փոքր սեյսմոմեթր եւ կը միանայ միլիոնաւոր այլ համանման համակարգով աշխատող սմարթֆոներուն, որպէսզի ստեղծէ համաշխարհային ամենամեծ ցանցը:
Ըստ հաղորդումին, իւրաքանչիւր սմարթֆոն այդպիսով կ’ունենայ փոքր աքսելերոմեթր, որ կ’ամրապնդէ ազդակները, որոնք կրնան յուշել․ որ մօտակայ շրջանը կրնայ երկրաշարժ ըլլայ: Տեղեկութիւնը կարելի է ճշդել Google որոնողական համակարգի միջոցով։