«Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Գուտերեշ` տեսակապի միջոցով ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին յայտարարած է, որ համավարակը կը յանգեցնէ հասարակական հիմնարկներուն հանդէպ մարդոց վստահութեան նուազումին, տնտեսական անհաւասարութեան խորացման եւ իշխանութեան չարաշահումին:
Անոր խօսքին համաձայն, առողջապահական ճգնաժամի եւ մարդասիրական մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու համար համապարփակ մօտեցում պէտք է: «Ուսումնասիրելով հորիզոնը` ես երեք հիմնական սպառնալիք կը տեսնեմ», ըսած է ան:
Գուտերիշ նախ նկատի ունեցած է «Հասարակական վստահութեան քայքայումը»: «Երկրորդ կարգին համաշխարհային տնտեսական կարգի ապակայունացումը: Ես յատկապէս մտահոգուած եմ ընկերային-տնտեսական անհաւասարութեան խորացումով», ըսած է համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարը:
Վերջինս դէմ արտայայտուած է նաեւ համավարակը իշխանութեան չարաշահումին նպատակով օգտագործելուն: