Հինգշաբթի, 13 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 75 նոր պարագաներ արձանագրուեցան եւ 10 պարագաներ բուժուեցան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կ՚ըլլայ 1402, մահացածներունը՝ 53, իսկ բուժուածներունը՝ 395։