Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Սուրիոյ Խորհրդարանի օրէնսդրական երրորդ նստաշրջանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն առիթով իր խօսքը արտասանեց խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխաններուն ներկայութեան։
Ասատ յայտնեց, որ այս հանդիպումը ծրագրուած էր իրականացնել Սուրիոյ Խորհրդարանի յարկին տակ, սակայն պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու միջոցները նկատի առնուեցան ու ան այսօր տեղի ունեցաւ Ժողովրդային պալատէն ներս։
Նախագահը դիտել տուաւ, որ երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ ա՛յս խորհրդարանին ընտրութիւնը կը համարուի սուրիական պատերազմի պատմական հանգրուաններէն մէկը, որուն մանրամասնութիւնները մեր ժողովուրդը արձանագրեց իր ընտրական գրիչներով, կամքով եւ դիմաղրողականութեամբ։ Ընտրութիւնները փաստեցին սահմանադրական պահանջներուն հաւատարիմ մնալու Սուրիոյ ժողովուրդին հաստատակամութիւնը եւ հաւատարմութիւնը նահատակներու անմեղ հոգիներուն եւ սուրբ արեան։

Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ ընտրական այս պայքարն ալ, զոր մղեցին թեկնածուները տարբեր էր, որովհետեւ հակառակ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին եւ անոր ազդեցութեան մարդոց մասնակցութեան վրայ ընդհանրապէս, գոյութիւն ունէին թեկնածուներու բազմաթիւ ցանկեր եւ աշխոյժ մրցակցութիւն, ինչ որ հայրենասիրութեան դրսեւորում կը համարուի, իսկ նման դրսեւորում դրական շարժում կը համարուի, որովհետեւ կ՛արտայայտէ պատասխանատուութեան եւ բարձր գիտակցութեան մակարդակ։

Սուրիոյ նախագահը պարզեց, որ «կայսեր օրէնք»ը Սուրիոյ նախորդ տարիներու շրջափակումէն անջատ օրէնք մը չէ, այդուհանդերձ մենք այս օրէնքին գործնականօրէն պիտի պատասխանենք՝ տեղական արտադրութեան զարկ տալով եւ մեր սեփական ուժերուն վստահելով։ Ասատ դիտել տուաւ, որ հայրենիքը չի կրնար դիմադրել երբ փտածներու կողմէ կը թալանուի եւ ահաբեկիչներու կողմէ կը յօշոտուի, աւելցնելով որ տարբերութիւն չկայ տեղացի ահաբեկիչին եւ դուրսէն եկողին, սիոնական, թուրք կամ ամերիկացի զինուորին միջեւ, բոլորն ալ մեր երկրին թշնամիներն են։

Եզրափակելով նախագահը յայտնեց նաեւ, որ Կոլանը իւրաքանչիւր պատուաւոր սուրիացիի սրտին մէջ է, ամերիկեան վարչակարգին կամ գաղութատէր սիոնական շարժումին կողմէ անոր բռնակցումը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի մեզի համար։ Կոլանը վերադարձնելու մեր իրաւունքը կը նոյնանայ ահաբեկչութենէն մեր բոլոր հողերը ազատագրելու իրաւունքին հետ։