Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական բտնատիրական ուժեր կը շարունակեն Հասիչէի Ալլուք ջրամատակարարման կայանէն քաղաքի կեդրոն հասնող ջրամուղերը փակ պահել: Բնակչութիւնը անել կացութեան մէջ յայտնուած է։ Հասիչէի Քաղաքային Խորհուրդը ջրատար մեքենաներով ջուր կը հասցնէ քաղաք՝ բնակչութեան կենսական կարիքը ապահովելու համար:

Խորհուրդի Նախագահ Ատնան Խաճօ յայտնեց, որ խորհուրդը օրական 800 խորանարդ մեթր ըմպելի ջուր կ’ապահովէ բնակիչներուն, ջրատար մեքենաները Հասիչէի արեւելեան Նաֆֆաշէ ջրհորէն լեցնելով եւ քաղաք հասցնելով:
Այս գծով, Սուրիական Արաբական Կարմիր Մահիկի Հասիչէի Մասնաճիւղը եւս քաղաքին մէջ իր տեղադրած ջրամբարները կը լեցնէ օրական դրութեամբ, ժողովուրդին ջուրի տագնապը մեղմացնելու համար:

Հասիչէի բնակիչները ահազանգ հնչեցնելով կոչ ուղղեցին անմիջապէս վերջ տալու թրքական ուժերուն Ալլուք ջրամատակարարման կայանի բռնագրաւման, որուն հետեւանքով շրջանի ողջ բնակչութիւնը զրկուի ջուրէ, պսակաջեւ ժահրի համաճարակին պայմաններուն մէջ, այս արարքը մարդկութեան դէմ ոճիր համարելով: