«Երկիր».-Տարիներ շարունակ գանձագողերու թիրախը դարձած Անգարա նահանգի հայկական գերեզմանատունը պահպանութեան տակ չառնուելու հետեւանքով շարունակաբար կ՛աւերուի: Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Ժողովուրդներու եւ հաւատքներու յանձնաժողովի անդամ Մուրատ Մըհչըն քրտական «Մեզոպոտամիա» գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ թուրքերը դիտաւորեալ միջոցներ չեն ձեռնարկած գերեզմանատունը պահպանելու համար:
Akunq.net-ի փոխանցումով` Անգարա նահանգի Սինճան գաւառի Ենիքենթ թաղամասին մէջ գտնուող Սթանոզ հայկական գերեզմանատունը թէեւ կը գտնուի 2-րդ կարգի հնագիտական արգելավայրի մէջ, բայց եւ այնպէս շարունակաբար աւերման կ՛ենթարկուի գանձագողերու կողմէ: Գերեզմանատան մէկ հատուածը կ’օգտագործուի որպէս դաշտահանդէսի վայր:
Գերեզմանոցէն ներս գանձագողերը ցաքուցրիւ ըրած են հանգուցեալներուն ոսկորները: Թէեւ այդ տեսարանը հրապարակուած է նաեւ ընկերային ցանցերու մէջ, սակայն տեղական իշխանութիւնները մինչ այժմ ոչ մէկ միջոց ձեռնարկած են այդ ուղղութեամբ: Գերեզմանատան նկարներուն մէջ կ’երեւին նաեւ հայկական գրութիւններ պարունակող եւ խաչերու պատկերներով գերեզմանաքարեր:
Ժողովուրդներու Ժողովրդավական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մուրատ Մըհչըն գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ իրենք մինչ այդ բազմիցս դիմած են իրաւասուներուն, անոնք շատ անգամ խոստացած են, որ միջոցներ պիտի ձեռնարկեն` գերեզմանատունը պահպանութեան տակ առնելու ուղղութեամբ, սակայն իրենց խոստումները չեն պահած:
Մըհչըն նաեւ ըսած է․ «Բնական է, որ Թուրքիոյ մէջ ամէնուր հայկական գերեզմանոցներ կան, սակայն կը տեսնենք, որ շատ տեղերու մէջ այդ գերեզմանատուները կը կողոպտուին եւ կ’ոչնչացուին, կարծես թէ այս վայրերուն մէջ հայերը երբեք չեն ապրած»:
Մըհչըն նաեւ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պարտաւոր են պահպանել Սթանոզի գերեզմանատունը, եւ այդ պարտաւորութիւնը կը բխի նաեւ Լոզանի պայմանագիրի համապատասխան յօդուածներէ, յայտնած է․ «Հակառակ որ 2009, 2015, 2016, 2018 եւ 2019-ին այս գերեզմանոցի աւերման հարցը օրակարգ բերուած է, եւ թէեւ քաղաքապետարանը խոստացած է միջոցներ ձեռնարկել, սակայն մինչ օրս ոչ մէկ աշխատանք չէ իրականացուցած: Գերեզմանատան աւերումը վերջերս մետիայի միջոցով վերստին օրակարգային թեմա դարձաւ, որովհետեւ պարզուեցաւ, որ նախապէս աւերուած քանի մը գերեզմաններ տակաւին բաց վիճակի մէջ մնացած են»:
Մըհչըն նաեւ կարծիք յայտնած է, որ հայկական գերեզմանոցին դէմ ուղղուած այս ոտնձգութիւնները եւ գանձագողերու նկատմամբ իշխանութիւններու միջոցներ ձեռնարկելէ խուսափիլը գիտակցաբար եղած են: Նպատակը մէկ է` մոռացութեան մատնել հայերու գոյութեան փաստը այս երկրի մէջ:

Թարգմանեց
Մելինէ Անումեան