«Արմէնփրէս».- 17 Օգոստոսին «Խաղաղութեան Գիրքեր 2020» մրցանակի թեկնածուի ընտրութեան յանձնաժողովը այս տարի որոշած է մրցանակը յանձնել իրանահայ յայտնի երգահան, երաժիշտ Լորիս Ճգնաւորեանին, կը հաղորդէ «IRNA»ն: Մրցանակը պիտի յանձնուի մայեսթրոյին Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ 12 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք հանդիսաւոր նախաձեռնութեան ընթացքին:
«Խաղաղութեան Գիրքեր» (The Books for Peace Award) մրցանակը մեքսիքացի լրագրող Խաւիէր Վալտէսի յիշատակին նուիրուած միջազգային մրցանակ է: Լրագրողը սպանուած է Մեքսիքայի թմրամիջոցներու մաքսանենգութեան դէմ պայքարին ընթացքին: 2017 թուականէն սկսեալ այս մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի խաղաղութեան տարածման եւ մարդասիրական ծրագիրներու մէջ ներգրաւուած մարդոց եւ խումբերու, կը փոխանցէ լրատուամիջոցը:
Լորիս Ճգնաւորեան իրանահայ աշխարհահռչակ երգահան է: Հեղինակ է դասական երաժշտութեան աւելի քան 70 կատարումներու, 4 օփերայի եւ 6 սիմֆոնիի: Ծնած է 1937-ին Իրանի Պորուճերտ քաղաքին մէջ: 1989-1998 եւ 1999-2000 թուականներուն եղած է Հայաստանի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարը եւ գլխաւոր ուղղիչը:

Հրաչեայ Յակոբեան