-Ի՞նչ է այս վիճակին վերջը,-  յաճախ կը լսենք այս հարցումը, որուն պատասխանը ոչ ոք գիտէ։ Երբ ինը ամիս առաջ  2019-ն ճամբեցինք, ո՞վ կրնար գուշակել, որ այսքան անախորժ անակնկալներով լեցուն տարի մը պիտի դիմաւորէինք, անակնկալներ, որոնք իւրաքանչիւրիս մտքին ու հոգիին մէջ վշտալի յիշատակներ թողուցին։

Այո՛, 2020-ը շատ տարօրինակ տարի մըն է մարդկութեան համար, բայց Հալէպի ժողովուրդը առաջին անգամ չէ որ այսպիսի տարի մը կ՚անցընէ։ Չմոռնանք պատերազմի տարիները, երբ ոչ թէ ժահրի՝ այլ դիպուկահարի պատճառով տուներէն չկրցանք ելլել, երբ ամէն օր հայաշատ թաղամասեր կը ռմբակոծուէին ու քարուքանդ կ՚ըլլային, երբ մեծ դժուարութեամբ կ՚ապահովուէին մեր առօրեայ ամենակենսական կարիքները՝ ջուր, հաց, ելեկտրականութիւն..․ ։

Պատերազմի այս դաժան տարիները շատ բաներ սորվեցուցին մեզի։ Սորվեցանք, թէ մահը տարիք չի հարցներ, սորվեցանք ամենապարզ բաներուն արժէքը, սորվեցանք նաեւ համբերել եւ չյուսահատիլ, հաւատալով, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, ամէն արշալոյսի հետ մեր յոյսերն ալ կը նորոգուէին եւ կը շարունակէինք ակնկալել աւելի լաւ օրեր։

Մղձաւանջ մըն էր, բայց օրը եկաւ եւ վերջ գտաւ ան։ Թէեւ մինչեւ օրս պատերազմին հետեւանքները կը կրենք, բայց համեմատաբար աւելի ապահով պայմաններու մէջ կ՚ապրինք։

Չսփոփուած մեր մօտիկ անցեալին շարունակութիւնը եղաւ 2020-ը… այս անգամ ոչ թէ զինուորական՝ այլ առողջութեան սպառնացող եւ տնտեսական պատերազմի մէջ յայտնուեցանք։ Աշխարհը տակն ու վրայ եղաւ․․․ համաճարակ, պայթում, տնտեսական տագնապ…

Սակայն 2020-ը մարդկութեան սորվեցուց, որ ամենակարեւոր եւ ամենաթանկ հարստութիւնը առողջութիւնն է։ Առանց առողջութեան ամէն ինչ անիմաստ կը թուի։ Հիմա կը հասկնանք անցեալի սովորական, բայց երջանիկ, խաղաղ մեր օրերուն արժէքը։

Օրերս կը նկատենք, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը յուսահատ վիճակի մէջ է եւ նշոյլ մը յոյսի կարիքը ունի։ Եկէք պահ մը յիշենք, սակայն, որ մենք պատերազմի օրերուն սորվեցանք համբերել եւ չյուսահատիլ։ Չէ՞ որ ամէն բան վերջ մը ունի, նոյնիսկ ամենավատ օրերը, նոյնիսկ դաժան պատերազմը։ Եւ ինչպէս գիշերուան խաւարէն ետք լոյսը կը ծագի, փոթորկալի անձրեւէն ետք արեւը կը ծագի, ծիածանը կամար կը կապէ, այնպէս ալ  այս համաճարակը եւ 2020 տարին իրենց բօթերով վերջ պիտի գտնեն,այս մահասփիւռ օրերն ալ պիտի անցնին, մարդկութիւնը յոյսով, նախազգուշութեամբ եւ աւելի լաւ վաղուան ակնկալիքով այս մղձաւանջէն դուրս պիտի գայ:

Հաւատանք ու նախազգուշանալով մէկտեղ լաւատես ըլլանք։ Յիշենք մանաւանդ, որ առանձին չենք, իրարմով գօտեպնդուինք։

Մարինա Ասատուրեան