Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ Սուրիա Լաթաքիոյ մէջ 8 հեքթար տարածութեամբ ծովային եւ ցամաքային տարածք պիտի տրամադրէ Ռուսիոյ։ Յիշեալ տարածքին վրայ Հմէյմիմի ռուսական բանակին յատուկ առողջապահական կեդրոն մը պիտի հիմնուի։
Աղբիւրը աւելցուց, որ Ռուսիա պիտի հոգայ տարածքի ենթակառոյցներու հաստատման ծախսերը։