Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» թերթը հարցազրոյց ունեցաւ Դամասկոսի Մուասաթ հիւանդանոցի տնօրէն Իսամ Ամինի հետ պսակաձեւ ժահրի գծով արձանագրուած վերջին զարգացումներուն շուրջ: Ամին յայտնեց, որ համեմատաբար նախորդ օրերուն, հիւանդանոց ժամանած պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներուն թիւը նուազած է 35% տոկոսով, յատկապէս վերջին 10 օրերուն ընթացքին շօշափելի նուազում կայ:
Ամին ըսաւ. «Այսպիսով կրնանք յայտնել, որ պսակաձեւ ժահրին սաստկացումը նուազած է, սակայն կը խնդրեմ բոլորէն, որ շարունակեն պայմանաւորուիլ կառավարութեան թելադրանքներով եւ քթակապ օգտագործեն յատկապէս հանրային վայրերու մէջ գտնուելու ատեն, որպէսզի կարելիութեան սահմաններուն մէջ կանխենք եւ սահմանափակենք պսակաձեւ ժահրին տարածումը»: