27 Օգոստոսին Սուրիոյ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Համուտա Սապպաղի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին դեսպանը անոր փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ ան յայտնած էր, որ միատեղ ջանքերու շնորհիւ երկու խորհրդարաններու միջեւ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը պիտի շարունակէ իր վերընթաց ուղին` արձանագրելով նորանոր ձեռքբերումներ` ի շահ երկու բարեկամ ժողովուրդներու:
Զրուցակիցները երկուստէք ընդգծեցին նաեւ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու աշխատանքներու աշխուժացումն ու փոխայցելութիւններուն կարեւորութիւնը:
Դեսպան Գէորգեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ նորընտիր խորհրդարանի կազմէն ներս կը գործեն ազգութեամբ հայ երեք պատգամաւորներ, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր` հայ-սուրիական աւանդոյթներով հարուստ բարեկամական յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ:
Հանդիպումի աւարտին` կրկին շնորհաւորելով պրն. Համուտա Սապպաղը վերընտրուելու առիթով, ՀՀ դեսպանը մաղթեց անոր քաջառողջութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն: