Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 62 պարագաներ արձանագրուեցան, 15 պարագաներ բուժուեցան եւ 3 պարագայ մահացան։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կ՚ըլլայ 2765, մահացածներունը՝ 112, իսկ բուժուածներունը՝ 629։