«Արմէնփրէս».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան «Ինթերֆաքս»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Պելառուսը եւ Հայաստանը Հայկական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան դաշնակիցներ են եւ ունին բաւական հարուստ երկկողմ օրակարգ:
Պատասխանելով հարցումին, որ եթէ Պելառուս ՀԱՊԿ-էն օգնութիւն ուղարկելու համար քուէարկութիւն ըլլայ, Հայաստանը դէմ, թէ կողմ պիտի քուէարկէ, Մնացականեան պատասխանած է, որ նման հարց նախաձեռնելու համար հիմնական դերը կը կատարէ երկիրը՝ բարձրացնելով օգնութեան հարցը, բայց Պելառուսի կողմէն նման հարց չէ բարձրացած:
Նախարարը յայտնած է, որ Հայաստան եւ Պելառուս միասին կ’աշխատին բազմաբնոյթ ձեւաչափերով, ՀԱՊԿ դաշնակիցներ են եւ ունին բաւական հարուստ երկկողմ օրակարգ:
Մնացականեանի կարծիքին համաձայն, Պելառուսի մէջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման բանալին այդ երկրի ժողովուրդի ձեռքն է:
Լրագրողի դիտարկումին համաձայն, որ վարչապետ Փաշինեան իշխանութեան եկաւ թաւշեայ, անարիւն յեղափոխութենէն ետք եւ Հիմա կը պարզուի, որ Հայաստան կը սատարէ՞ Պելառուսի ղեկավարին, Մնացականեան արձագանգած է․
«Հայաստան անցած է իր ճանապարհով, եւ այդ հիմքով զուգահեռներ կատարելը միանգամայն ճիշտ չէ: Այո, կրնայ ըլլալ որոշ ընդհանրութիւններ, բայց, ընդհանուր առմամբ, անոնք տարբեր իրավիճակներ են: Ամենակարեւորը `ընդունած եւ գիտակցած են, որ հարցին լուծումը Պելառուսի ժողովուրդի իրաւասութիւնն է: Մենք յոյս ունինք, որ այս իրավիճակը պիտի լուծուի խաղաղ ճանապարհով»:
Հարցումին, որ Հայաստան պաշտօնապէս կը ճանչնա՞յ Լուքաշենքօն իբրեւ Պելառուսի օրինական ղեկավար, Մնացականեան պատասխանած է, որ վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Պելառուսի նախագահը:
«Մենք պիտի հետեւինք, թէ ինչպէս Պելառուսի ժողովուրդը կրնայ լուծել այս հարցը: Մենք մտադիր ենք շարունակել աշխատիլ Պելառուսի հետ բոլոր ոլորտներու մէջ ` ինչպէս երկկողմ յարաբերութիւններու շրջանակներուն, նաեւ միջազգային ձեւաչափերով», եզրափակած է Մնացականեան: