«Արմէնփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով: Յարութիւնեան շնորհաւորած է ողջ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր քոյրերն ու եղբայրները:
«Այս կարեւորագոյն պետական տօնը մենք կերտած ենք միասին` ազգովին, համայն հայութեան ջանքերու համատեղումով, մեր հայրենիքին, նախնիներուն յիշատակի եւ սերունդներուն ապագայի հանդէպ ունեցած մեծագոյն պատասխանատուութեան, մեր խիզախութեան ու տոկունութեան շնորհիւ: Կերտած ենք` միտքով փայփայելով ազատ, անկախ ու երջանիկ երկիր ունենալու երազանքը: Այսօր մեր ժողովուրդը այդ նուիրական երազանքի իրականացման ճանապարհին է: Համոզուած եմ, որ մենք կ’անցնինք յաջողութեամբ, որովհետեւ կը կառուցենք, կը շէնացնենք ու կը պաշտպանենք մեր հայրենի հողը` ստեղծելով անհրաժեշտ պայմաններ մեր քաղաքացիներուն արժանավայել կեանքին համար: Մենք այս բոլորը կ’ընենք մեր եւ մեր զոհուած ընկերներու` մեր ժողովուրդի հերոս զաւակներու փոխարէն: Բոլորիս սրբազան պարտքն է: Յաւե՜րժ փառք ու պատիւ մեր բոլոր նահատակներուն, որոնք կեանքի գնով իրականութիւն դարձուցած են այս պանծալի տօնը: Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը: Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան: