«Արմէնփրէս».-Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին «Ի Գործ» սփիւռքահայ մասնագէտներու ծրագիրը սկիզբ առած է 1 Սեպտեմբերին: Առաջին փուլով 24 մասնագէտներ Հայաստան ժամանած են: Քանատայէն, Դանիայէն, Ռուսիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Նորվեկիայէն , Հոլանտայէն ու Չինաստանէն. Համաճարակը ոչ մէկ արգելք դարձած է հայրենիք գալու եւ միանալու ՀՀ կառավարութեան աշխատանքներուն:
Առաջին փուլի մասնակիցները աշխատանքի անցած են վարչապետի աշխատակազմէն ներս, Առողջապահութեան, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, Շրջակայ միջավայրի, Արդարադատութեան, Բարձր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու, Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան, Տնտեսութեան Նախարարութիւններու մէջ, Կեդրոնական դրամատան, Կրթութեան տեսչական մարմինին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին գրասենեակներէն ներս:
Ծրագիրի առաջին փուլին մասնակիցները ընդունած եւ բարի գալուստ մաղթած է Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան: Յանձնակատարը յոյս յայտնած է, որ անոնք հայրենիքի մէջ պիտի ունենան անփոխարինելի աշխատանքային փորձառութիւն:
Իրենց կարգին մասնակիցներէն շատերը յայտնած են, որ այս ծրագիրը հայրենադարձութեան սկիզբն է եւ իւրաքանչիւրը ապագան կը տեսնէ Հայաստանի մէջ:
Այնուհետեւ «Ի Գործ»-ցիներուն ներկայացուած են աշխատանքի ժամանակացոյցը եւ պարտականութիւնները:
«Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապագեան եւ «RepatArmenia» հիմնադրամի համահիմնադիր Վարդան Մարաշլեան մասնակիցներուն մանրամասնած է հայաստանեան պետական մարմիններու մէջ աշխատաոճի առանձնայատկութիւնները եւ միջավայրին արագ ներգրաւման համար գործնական խորհուրդներ տուած է:
COVID-19-ով եւ օդային սահմանափակ հաղորդակցութեամբ սահմանուած` ծրագիրի միւս մասնակիցները աւելի ուշ Հայաստան պիտի ժամանեն: