Դաշնակցական երիտասարդները եւ ազատամարտիկներու յանձնախումբը մոմովառութիւն կազմակերպեցին Եռաբլուրի մէջ՝ ի յիշատակ Արցախի մէջ նահատակուած հերոսներուն։ Նախքան մոմավառութիւնը, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ պայքարը կը շարունակուի.

«Մենք համախմբուած ենք Եռաբլուրի մէջ՝ մեր խոնհարումը բերելու մեր զոհուած ազատամարտիկներուն, հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուողներուն հետ միասին նշելու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման հերթական տարեդարձը, հպարտութեամբ արձանագրելով, որ ազատագրուած հայրենիքի մէկ մասը այսօր ունինք եւ պայքարը կը շարունակուի։

Մեր առաջ պայքարը ունենալով, մենք չունինք տարածքներ զիջելու մտադրութիւններ, որովհետեւ շատ տուժած ենք, շատ կորսնցուցած ենք, եկած է ի վերջոյ ամբողջական հայրենիքի կերտման շրջանը: Արցախը, Նախիջեւանը, Արեւմտեան Հայաստանը, մեր կորսնցուցած միւս տարածքները ժամանակի ընթացքին պէտք է հետ բերենք, պէտք է հայ ժողովուրդը իր կենսագործունէութիւնը կառուցէ այդ տարածքին վրայ, որ հայրենիք է, որ միակ երաշխիքն է հայ ժողովուրդի յարատեւ ապրելուն: Մենք կը շնորհաւորենք մեր ժողովուրդը, կը շնորհաւորենք այս բարձունքէն` այդ շնորհաւորանքին միացնելով նաեւ ազատամարտիկներու, հայրենքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու այն ոգին եւ կամքը, որ կերտեց անկախ Արցախ: Եկած է նաեւ ժամանակը բոլորին զգուշացնելու, բոլոր այն անձերուն, որոնք կը մտածեն` Արցախը ընդամէնը տարածք է։ Ոչ այն տարածք չէ, Արցախը հայրենիք է, մեր միացեալ հայրենիքի մէկ մասը եւ չկայ զիջելու որեւէ բան, որովհետեւ հայրենիքով չեն սակարկեր, հայրենիքի համար կը պայքարին մինչեւ վերջ», յայտնեց ՀՅԴ գործիչը:

Արծուիկ Մինասեանի խօսքին համաձայն, կ’ապրի ու կրնայ կենսագործունէութիւն ծաւալել այն ազգը, որ որեւէ պայմանով, որեւէ բանակցութեամբ հայրենիքի ոչ մէկ հատուածը տալու մտադրութիւն ունի։