Մահուամբ կանգ առաւ սիրտ մը, որ նուիրումով, աշխատանքով, համակ սիրով, յատկապէս ընկերասիրութեամբ կը բաբախէր։ Ազգային կեանքի մէջ բարի համբաւ ու վարկ վայելող Յարութ Քիլիսեանի մահուան բօթը ցաւ պատճառեց բոլորիս՝ տարեց թէ երիտասարդ։
1954-ին Հալէպ ծնած Յարութ Քիլիսեան աւարտած էր Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, ապա 1972-ին Հալէպի պետական ուսողութեան համալսարանը։
Նոյն տարիներուն ուսման կողքին ոսկերչական արհեստին նուիրուեցաւ ու անձնական ճիգերով երեք անթելի մէջ հիմնեց իր ոսկերչատունը։ Ան տարիներու ընթացքին այս արհեստին մէջ մեծ համբաւի արժանացաւ ու դարձաւ այդ շրջանի նշանաւոր եւ վստահելի ոսկերիչ Քիլիսը։
Յարութ Քիլիսեան ազգային կեանքին մէջ մտաւ նախ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն անդամակցելով, սակայն մշակութային իր հետաքրքրութիւնները զինք ուղղեցին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն։ Դառնալով Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան անդամ ան աշխատանք տարաւ աշխոյժ պահելու համազգայինը եւ նպաստելու անոր յաջողութեան ու ընկերային առողջ մթնոլորտի պահպանման։
Ազգին ծառայելու իր տենչը այսքանով ալ չբաւարարուեցաւ։ Ան եղաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Տնտեսական խորհուրդի, ապա ազգային վարչութեան եւ Երեսփոխանական ժողովի անդամ, ինչպէս նաեւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի խնամակալ։ Աչքի զարկաւ իր բծախնդրութեամբ եւ խստապահանջութեամբ։
Հանգուցեալը ուսումնական մեր հաստատութիւններուն նկատմամբ յատուկ գուրգուրանք կը տածէր, միշտ կը փորձէր նորարարութեամբ օժտել Ճեմարանը, ամէն առիթ ընծայել ե՛ւ աշակերտութեան ե՛ւ աշխատակազմին, որպէսզի լաւագոյնը ըլլան գաղութին մէջ, օժտուին զարգանալու եւ յառաջդիմելու բոլոր տուեալներով, արդիական դասագիրքերով, ուսումնական կեանքին պահանջած բոլոր յարմարութիւններով։ Իր առաւելութիւններէն մէկն ալ դրական յարաբերութիւններ ունենալն էր պետական եւ յատկապէս կրթական մարզի պատասխանատուներուն հետ, որուն արդիւնքով ալ շատ մը դժուարութիւններ դիւրաւ կը յաղթահարուէր մեր վարժարաններէն ներս։
Ընկերասէր էր, կը քաջալերէր երիտասարդ ծառայողները եւ միշտ պատրաստ էր գործակցելու անոնց հետ ազնուութեամբ, առանց պարծենալ փորձելու իր տարիներու վաստակով։ Ազնիւ էր եւ ժպտերես։ Ժողովականներուն միշտ յոյս ներշնչող, պարզութիւնը սիրող, տնտեսող, ծրագրուած աշխատող տիպար մըն էր ան։
Հալէպի պատերազմական ամէնէն դժնդակ օրերուն ազգային կեանքին իր ծառայութիւնը շարունակեց, իւրաքանչիւր դրական քայլ մեր հաւաքական կեանքին մէջ ուրախութիւն էր իրեն համար, եւ այդ ուրախութիւնը կը բաժնեկցէր իր անկեղծ ընկերներուն հետ, միշտ յարգելով իւրաքանչիւրին յատկութիւնները։
Պաշտելու աստիճան նուիրուած էր իր ընտանիքին, իր տիկնոջ Արշոյին, որ նոյնպէս ազգային կեանքին կը ծառայէր, եւ իր մէկ հատիկ աղջկան, որ քանի մը օրէն համալսարանէն վկայուելով պիտի կրկնապատկէր իր երջանկութիւնը։ Ընտանիքը սրբութիւն էր հանգուցեալին համար, հոն է որ կը գտնէր իր խաղաղութիւնն ու ներդաշնակ կեանքը։
Բոլորս պիտի յիշենք մեր ընկեր Յարութ Քիլիսեանը իր ծառայասէր ոգիով, աշխատասիրութեամբ եւ բարի ժպիտով։
Ան պաշտօնի վրայ էր այս շրջանին եւս։ Ըլլալով ատենապետը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան, ստանձնած էր բաւական ծանր բեռ մը, որ միեւնոյն ատեն քաղցր էր իրեն համար։ Ամէն օր ներկայ էր մեր ազգային կեանքին մէջ, կը փորձէր յարմարիլ տարբեր սերունդներու մտայնութեան, աշխատելաձեւին, միշտ մնալով խստապահանջ, կարգապահ, կիրթ իր արտայայտութիւններուն մէջ եւ նորարարութեան հետամուտ։
Տարիներ առաջ սրտի լուրջ վիրահատութեան ենթարկուելով մէկտեղ չհեռացաւ ազգային կեանքէն, որովհետեւ կը հաւատար մեր համայնքի ներուժին, Բերիոյ Հայոց պատմական թեմի վերականգնումին, ու ամէն առիթով կը յորդորէր չյուսահատիլ, աշխատիլ լուսաւոր օրերու հաւատքով, քաջ իմանալով որ թեմին առաքելութիւնը հպարտութիւնն է ողջ Սփիւռքին ու հայութեան, ուստի կանգուն եւ յառաջադէմ պէտք է պահել թեմը իր բոլոր կառոյցներով ու հաստատութիւններով, իր միութիւններով ու յատկապէս նուիրեալ մարդուժով։
Այդ լաւատեսութեամբ ալ վարակեց մեզ բոլորս։ Իր եռանդն ու անվերջանալի ծրագիրները աշխուժութիւն կը թելադրէին ու պիտի շարունակեն թելադրել նոյնիսկ իր անսպասելի մահէն ետք։
Յիշատակդ մեզ միշտ մղէ նոր թափով աշխատելու եւ ազգային կեանքի երազներդ իրականութիւն դարձնելու։
Հողը թեթեւ հանգչի վրադ, սիրելի պրն. Յարութ։ Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանիքին ու մխիթարութիւն կը մաղթենք բոլորին։
Կորսնցուցինք սիրելի ընկեր մը, լուսաւոր ազգային մը, լայն սրտով ու ծով համբերանքով գործակից մը։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։