Քառասուն  օր առաջ, այս անցողիկ աշխարհէն առյաւէտ մեկնեցաւ բարիութեան ու համեստութեան մարմնացում համարուող, ընկերասէր, ծառայասէր, նուիրեալ միութենական, ընկեր Աբրահամ Զուպրիկեանը:

Աբիկին վաղաժամ ու անսպասելի մահը խոր սուգի մատնեց իր հարազատները, միութենական ու գաղափարի ընկերները եւ առհասարակ բոլոր զինք ճանչցողները:
Որքան ալ հաշտուինք մահուան գաղափարին, անոր անխուսափելիութեան հետ, այսուհանդերձ, սիրելիի մը բացակայութիւնը կը խռովէ մեր ամբողջ էութիւնը, կը կոտրէ մեր հոգին անդարմանելիօրէն…: Աբիկին կորուստը այս հոգեվիճակը ստեղծեց մեր մէջ:
Աբիկ փոքր տարիքէն եղած է միութենական եւ ժամանակի հոլովոյթին հետ պատասխանատու  պաշտօններ ստանձնած է Կիլիկեան Շրջանակի բաղկացուցիչ մարմիններուն մէջ: Վերջին տարիներուն,Կիլիկեան Կրթ. Հաստատութեան  արտօնատէրի ներկայացուցիչն էր յաջս Սուրիոյ կրթական նախարարութեան, պաշտօն  մը, որ վարեց ձեռնհասօրէն մինչեւ իր մահը:
Ազգային Մշկթ. Միութեան հետ իր կապուածութիւնը ժառանգած էր հօրմէն՝  հանգուցեալ Յովսէփ Զուպրիկեանէն, որ  միութեանս  գաղափարախօսութեան  անշեղ  հաւատաւորներէն մին եղած էր անցեալին:
Աբիկ Զուպրիկեան երկար տարիներ եղած է միութեանս վարչութեան անդամ եւ մեծ ներդրում բերած է կազմակերպչական  աշխատանքին: Անսահման խանդավառութեամբ ու հոգածութեամբ ի գործ դրած է ճատրակի  դասընթացքները  ակումբին մէջ: Այսօր, իր ձեռնասունները մեծ երախտագիտութեամբ պիտի յիշեն իրենց ուսուցիչին վաստակն ու զոհողութիւնը:
Աբիկին  գլխաւոր  յատկանիշները համեստութիւնն ու  բարիութիւնն  էին: Ան կը գործէր լուռ ու մունջ, հեռու պոռոտախօսութենէ եւ ինքնացուցադրական հիւանդագին ախտէ. երեւոյթ մը, որմէ կը տառապին շատ-շատեր…: Նախանձախնդիր էր հաւաքականութեան պատկան գանձին, եւ աններող՝ յումպէտս գործածողներուն նկատմամբ: Մարդկային էր իր յարաբերութեան մէջ, կ’ատէր սուտն ու կեղծիքը, դաւադրական  ստոր արարքները: Ահա այսպիսի մաքրամաքուր ընկեր մը մենք կորսնցուցինք դժբախտաբար…
Սիրելի՛ Աբիկ, մենք  կ’ապրինք ֆիզիքական բացակայութեանդ մորմոքը, բայց բարի ու պայծառ յիշատակդ միշտ վառ  պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ:
Հոգիդ թող թեւածէ երկնային լոյսերու մէջ:
Ազգային Մշկթ. Միութեան վարչութեան  անունով  խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք  հանգուցեալին քրոջը՝  Մայտային, եղբօրը՝ ընկեր Նշանին, զաւակներուն եւ բոլոր մերձաւորներուն:
Ազգային  Մշկթ. Միութիւն