«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 8 Սեպտեմբերին այցելած է Շուշի քաղաք եւ մասնակցած «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան կազմակերպած տօնական նախաձեռնութեան նուիրուած ԱՀ հռչակումի օրուան:
Երկրի ղեկավարը ողջունած է մասնակիցները` իր խօսքին մէջ ընդգծելով, որ մեծ մաքառումով ձեռք բերուած է Արցախի ազատութիւնն ու անկախութիւնը: Հանրապետութեան նախագահի խօսքին համաձայն, զարգացած եւ մրցունակ պետութիւն ունենալու համար շատ կարեւոր է գիտելիքահենք ու աշխատասէր երիտասարդութիւն ունենալը եւ անոր ներգրաւուածութիւնը ապահովել ինչպէս երկրի քաղաքական համակարգին նոյնպէս ալ կենսագործունէութեան բոլոր ոլորտներէն ներս:
Հանդիսաւոր նախաձեռնութեան ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան կուսակցական տոմսեր յանձնած է նաեւ քաղաքական ուժի շարքերը համալրած խումբ մը երիտասարդներու:
Արարողութեան կը մասնակցէին ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Շուշիի վարչակազմի ղեկավար Էրիկ Յարութիւնեան, ԱԺ «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան անդամներ: