Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան ընդառաջելով Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի առաջարկին, 8 Սեպտեմբերը պաշտօնապէս հռչակեց Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ ուխտի օր։
Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը մեկնեցաւ Տերիք ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, թաղականութեան նորընտիր անդամներուն եւ Հոգեաբարձութեան։

Արդարեւ, դռնփակ եկեղեցւոյ մէջ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ ուխտի օրուան անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց։