Դամասկոս, ՍԱՆԱ- Սուրիոյ նախագահՊաշշար ալ Ասատ 8 Սեպտեմբերին ընդունեց ռուսական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Իւրի Պորիսովի գլխաւորութեամբ եւ ռուս դիւանագէտներու, գլխաւորաբար արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ներկայութեամբ։
Կողմերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին երկու երկիրներու բազմակողմանի, ջերմ գործակցութեան համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին զարգացնելու զայն՝ ի նպաստ երկու բարեկամ երկիրներու ժողովուրդներու շահերուն։
Տնտեսական գետնի վրայ, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներու իրականացման քայլերը եւ նոր համաձայնագիրներ կնքելու կարելիութիւնները, յատկապէս մեղմացնելու Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ արեւմտեան կարգ մը երկիրներուն սահմանած տնտեսական պատժամիջոցներուն եւ պաշարումին հետեւանքները։ Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ սկսելու տնտեսական Սուրիոյ շրջափակումը եւ անոր ժողովուրդին վրայ բանեցուած ճնշումները շրջանցող ընթացակարգերու գործարկումը։
Քաղաքական առումով, Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը հաստատեց Ռուսիոյ Դաշնութեան շարունակական աջակցութիւնը Սուրիոյ եւ զօրակցութիւնը սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ջանքերուն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ
արեւմտեան կարգ մը երկիրներ փորձեցին խոչընդոտել Սուրիոյ ժողովուրդին շահերէն բխող փոխըմբռնումի կամ համաձայնութեան քաղաքական իւրաքանչիւր յառաջընթաց։ Պատուիրակութիւնը շեշտեց Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածաշրջանային ու միջազգային դերին վերականգնումին կարեւորութիւնը։
Իր կարգին, Նախագահ Ասատ հաստատեց, որ Սուրիա ճկուն քաղաքականութիւն կը վարէ, միաժամանակ կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ՝ վերստին ամրապնդելու երկրին կայունութիւնն ու ապահովութիւնը։
Սուրիոյ նախագահը ժողովուրդին անունով բարձր գնահատեց Ռուսիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական նպաստը Սուրիոյ, որպէսզի վերջինս վերականգնէ իր ապահովութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ յաղթահարէ ժողովուրդին ուղղուած տնտեսական ահաբեկչութիւնը։ Նախագահը շեշտեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը վճռականօրէն պիտի շարունակէ գործակցիլ ռուս դաշնակիցներուն հետ՝ կեանքի կոչելու երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրներն ու խրախուսելու Սուրիոյ մէջ ռուսական շահարկման գործարքները։