«Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան մօտաւորապէս 70.000 ԱՄՆ տոլար յանձնեց Դամասկոսի ՀՀ դեսպանութեան, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայերուն՝ պսակաձեւ ժահրի համավարակին հետեւանքով ստեղծուած ծանր առողջապահական եւ ընկերային տնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով:
«Նուիրաբերուած հանգանակութիւնը համամասնաբար բաշխուած է հետեւեալ ձեւով՝ 30.000 ԱՄՆ տոլար ` Սուրիոյ հայկական կրթական հաստատութիւններու 502 ուսուցիչի, ինչպէս նաեւ 42 սպասարկող անձնակազմի:
Միեւնոյն ժամանակ, ընդհանուր 40.000 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրուած է պսակաձեւ ժահրի հիւանդութեամբ Սուրիոյ մէջ բուժում ստացող հայերուն: Աւելցնենք, որ հանգանակուած գումարները յատկացուած են «Covid-19 Հայաստան․ Միասին Յաղթահարենք Համաճարակը» դրամահաւաք-արշաւէն գոյացած հարթակէն:
Հայապահպանման նուիրական իր առաքելութեան համահունչ` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը մշտապէս մեր հայրենակիցներուն կողքին է»,ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: