2020-2021 ուսումնական տարեշրջանը կը սկսի նոր ակնկալիքներով, նոր ձեռքբերումներով եւ նոր նկրտումներով:
Սովորական թուացող վերամուտի  նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ արտասովոր է համավարակի իրողութիւնը:
Կրթական համակարգը ընկերային կեանքի կարեւոր մէկ օղակը ըլլալով իր ազդու դերակատարութիւնը ունի նորահաս սերունդի կրթադաստիարակչական գործընթացին մէջ:
Նախորդ ուսումնական տարեշրջանի կիսուն, Սուրիոյ մէջ համավարակի յայտնաբերումէն ետք, Կրթական Նախարարութեան որոշումով ուսումնական ընթացքը կասեցուեցաւ: Պետական կողմեր, որոշ դպրոցներ զանազան ձեւերով փորձեցին առցանց հարթակներէն օգտուիլ եւ ուսումնառութեան ընթացքը պահել:
Թէ որքանո՞վ արդիւնաւէտ էին այդ աշխատանքները վիճելի կը մնան:
Ամէն վերամուտի, աշակերտները  նոր երազներով  կ’ուղղուին դպրոց: Կրթական մշակներն ալ իրենց կարգին, տարի մը աւելի հմտութիւն ձեռք ձգած ըլլալով,  կը ջանան լաւագոյնը իրագործելու տենչով վերսկսիլ իրենց աշխատանքը:
Սակայն այս օրերուն, երբ դպրոցները կը պատրաստուին իրենց դռները բանալ աշակերտութեան ընդառաջ, վախի եւ շփոթի համատարած կացութիւն մը կը տիրէ ամէնուրեք:
Ծնողներ անորոշութեան մէջ են: Մէկ կողմէն համավարակի ճնշող իրողութիւնը, միւս կողմէն երկրին մէջ տիրող տնտեսական սուր տագնապին հետեւանքով գրենական պիտոյքներուն աներեւակայելի սղաճը անել կացութեան կը մատնեն զիրենք:
Դպրոցը  պատերազմական տարիներուն անգամ մեր բնականոն կեանքի նախադրեալը ապահովող հիմնական կռուանը դարձաւ:
Դուրսը ամէն տեսակ վայրագութիւն, պայթում, ահ ու սարսափ, բայց դասարանէն ներս տիրող խանդավառութիւնը, նոր գիտելիք մը ձեռք բերելու տենչը հոգեկան գոհունակութիւն տալով կ’անջատէին մեզ տաղտկալից իրականութենէն:
Եթէ կրթական մեր համակարգը քննական ակնոցով դիտենք, պիտի տեսնենք, որ յառաջադէմ երկիրներու հետ բաղդաբար, մենք յարաբերաբար հեռու կը մնանք համավարակի համար նախազգուշական քայլերը պահելով  ուսման ընթացքը վերսկսելու միջոցները կիրարկելէ։  Թէ՛ այս մարզին մէջ մասնագէտ անձնակազմ չունենալը, թէ ալ նիւթական անցուկ պայմանները խոչընդոտներ կրնան հանդիսանալ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու առողջապահական ամբողջական միջոցներու ապահովման :
Քթակապերով դասաւանդութի՞ւն, հականեխիչներ օգտագործե՞լ , ջերմութիւնը չափե՞լ… ինչպէ՞ս քայլ պահել:
Աւելցնենք նաեւ արտագաղթի հետեւանքով տարբեր դասանիւթերու պարագային նկատելի դարձած մարդուժի պակասը, վերապատրաստուած եւ որակեալ ուսուցիչներու բացակայութիւնը:
21-րդ դարու աշակերտը քննական միտք ունի, գիտելիքներու սրընթաց հասանելիութեան շնորհիւ բանիմաց է: Ուստի ուսուցիչը իրեն համար պիտի ըլլայ ոչ թէ գիտելիք փոխանցողը, այլ իրեն ձեռք երկարողը եւ սորվեցնողը՝ որոնելու համար գիտութեան մայր ակունքը:
Գիտութեան ձեռնհասութեան կողքին,անշուշտ, հալէպահայ գաղութին հիմնական առաքելութիւնը կը մնայ սերունդները հայեցի դաստիարակութեամբ տոգորելը:
Հայեցի դաստիարակութիւնը մեծ տուեալներ չի պահանջեր: Բաւական է սէր տածել մայրենիին հանդէպ եւ անոր ուղեկցող հետեւողական աշխատանք տանիլ աշակերտին հետ,  մայրենիով ազատ արտայայտուելու հարթակներ բանալով անոր դիմաց, որպէսզի ունենանք անկաշկանդ եւ անսխալ լեզուով արտայայտուող եւ ինքնավստահ հայ սերունդներ:
Դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները բազում են, բայց անյաղթահարելի չեն:
Իրավիճակը բարդ է, բոլորին առողջութիւնը անշուշտ՝ առաջնային, սակայն աշակերտներն ու ծնողները կ’ակնկալեն ուսումնակրթական բնական ընթացքի մը, մաքուր եւ հականեխուած միջավայրի մը ապահովումը: Դպրոցներուն հիմնական մարտահրաւէրը այս երկուքին ապահովումն է այս տարի։
Կասկած չունինք, որ մեր դպրոցները իրենց առաւելագոյն ճիգը ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի յաջողին ապահով ու հեզասահ տարի մը սկսիլ՝ առողջ ու յաջողակ տեսնելու իրենց աշակերտներն ու ուսուցչական կազմերը։
Այսպիսի պայմաններու մէջ կը պատրաստուինք դիմաւորել վերամուտը, լաւատեսութեան ակնկալիքով եւ ուսումնական բարի տարի մը մաղթելով բոլորին:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան