Շաբաթ օր ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը կորսնցուց իր կուսակցական վաստակաշատ գործիչներէն, դաշնակցական գաղափարական աւանդներուն հաւատարիմ մտաւորականներէն Վարանդ Փափազեանը, որ տասնամեակներ շարունակ, դաշնակցական մեծ գործի թոհուբոհին մէջ, յայտնի դարձաւ իր սկզբունքայնութեամբ, գաղափարական համոզումներէն անշեղ մնալու տոկունութեամբ:

Վարանդ Փափազեանին աւանդը անմոռանալի պիտի մնայ մասնաւորաբար իր գաղափարական կուսակցական գործիչ ըլլալու հանգամանքով: Այս հանգամանքին բերումով ալ, ան տարիներ շարունակ մաս կազմեց կուսակցական կազմաւորման եւ դաստիարակչական համակուսակցական աշխատանքներուն: Մաս կազմած է ՀՅԴ Բիւրոյի զանազան մարմիններուն, ուր իր վերլուծական եւ քննական մտքով իր նպաստը բերած է կուսակցական ռազմավարական ուղղութիւններուն ճշդորոշման: Շարքերու դաշնակցական կազմաւորման ծիրին մէջ քանիցս դաստիարակչական դասախօսութիւններով հանդէս եկած է նորագիրներու թէ Դաշնակցութեան դպրոցի աշխատանքներուն ծիրին մէջ:

Այս առումով մեծ է անոր ներդրումը ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան դաստիարակչական ծրագիրներու մշակման եւ ընդհանրապէս մեր երիտասարդական միաւորներու գաղափարներուն շուրջ համախմբման աշխատանքներուն մէջ:

Վարանդ Փափազեան անդամ եղած է նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: 7 դեկտեմբեր 1988-ին հիւսիսային Հայաստանը պատուհասած երկրաշարժէն անմիջապէս ետք ան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է աղէտեալներուն համար Լիբանանէն մատուցուած օժանդակութիւններուն կազմակերպման աշխատանքին մէջ: Անսալով ՀՅ Դաշնակցութեան «Դէպի երկիր» կարգախօսին` Վարանդ Փափազեանը, իբրեւ կուսակցական գործիչ, 1989-էն սկսեալ լայնածաւալ աշխատանք կը կատարէ Հայաստանի մէջ կուսակցական կառոյցներու ձեւաւորման, նորագիրներու անդամարշաւի եւ ի վերջոյ 1990-ին հայրենի հողին վրայ ՀՅԴ-ի վերընձիւղման ուղղութեամբ: Այս իմաստով ալ անուրանալի կը մնայ ազգային զարթօնքի եւ վերանկախացման առաջին տարիներուն Վարանդ Փափազեանի դերակատարութիւնը հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան կայացման աշխատանքին մէջ:

Միաժամանակ, անմոռանալի կը մնայ Վարանդ Փափազեանի նուիրումն ու նպաստը Արցախեան ազատագրական պայքարին եւ Արցախի մէջ ՀՅԴ-ի կազմակերպական կառոյցի կայացման աշխատանքներուն մէջ: Այս փուլին ան եղած է խորհրդական Արցախի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ ապա Գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատար Գէորգի Պետրոսեանի:

Երկու փուլով` 1980-ականներու երկրորդ կէսին եւ 1990-ականներու երկրորդ կէսին, ան ստանձնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը: Դաշնակցական գաղափարական աւանդներէն սնած` Վարանդ Փափազեանի գրիչին կը պատկանին նախ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի եւ ապա ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէջ լոյս տեսած գաղափարաբանական բնոյթի յօդուածներ: 1993-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ իր «Հայ ազգային ռազմավարութիւնը» խորագրեալ գիրքը:

Վարանդ Փափազեանի մահով, Դաշնակցութեան ընտանիքը կը կորսնցնէ կազմակերպական, դաստիարակչական, հրապարակագրական մարզերուն մէջ յատուկ աւանդ ներդրած գաղափարական գործիչ մը: