ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը 16 Սեպտեմբերին նախաձեռնած է «Յանուն Ազգային եւ Առաջադէմ Կրթութեան» խորագիրը կրող երթ: Երթը պիտի սկսի Մատենադարանի յարակից տարածքէն` ժամը 19:00-ին եւ պիտի շարունակուի Մաշտոցի պողոտայով, Ամիրեան փողոցով ու պիտի աւարտի ԿԳՄՍ Նախարարութեան շէնքին դիմաց:

Երթի մասնակիցները` ԿԳՄՍ ոլորտներուն տիրող քաոսի, բարեփոխումներու անուան տակ վարուող ապազգային քաղաքականութեան համար պիտի պահանջեն Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը:

Վաղը երեկոյեան, 19:00-ին, պիտի սկսի երթ, որ կազմակերպած է ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը: Այս մասին հրաւիրուած ասուլիսին յայտնեց ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամ Սեւակ Նազարեան:

«Երթը տրամաբանական շարունակութիւնն է 11 ամիս առաջ սկիզբ առած մեր պայքարին, որով ՀՅԴ երիտասարդական Միութիւնը կոչ ուղղեց չզիջելու մեր արժէքներէն եւ իր պայքարը սկսաւ ազգային եւ յառաջադէմ կրթութեան համար: Անցնող 11 ամիսներուն ընթացքին ԿԳՄՍՆ-ն, ի դէմս նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի, իր գործողութիւններով ու որոշումներով փաստեց, որ մեր պայքարը արդարացուած էր եւ ստիպեց մեզ աւելի կտրուկ գործողութիւններու անցնիլ եւ շարունակել մեր պայքարը աւելի մեծ ծաւալով», յայտարարեց ան:

Սեւակ Նազարեանի խօսքով` այն ատեն իրենց պայքարը «Հայոց Լեզու» եւ «Հայոց Պատմութիւն» առարկայի դուրսբերման համար էր, հիմա կայ աւելի մեծ հարց` հանրակրթական չափորոշիչները: «Հիմական հարցը, որ մենք կ’արծարծենք, ոլորտին մէջ առկայ ճգնաժամն է, ապաշնորհ կառավարումն է եւ այս ամէնուն զուգահեռ բոլոր նախագիծերու մէջ ոչ ազգային գիծի գոյութիւնն է», ըսաւ ան:

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան  իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ունին վճռականութիւն 11 ամիս սկսած շարժումը հասցնել իր տրամաբանական աւարտին, որովհետեւ նախարարութեան կողմէն վարուող երկու տարուան քաղաքականութիւնը գնահատած են որպէս ապազգային, որ սպառնալիք կը ստեղծէ հայկական պետութիւններուն համար:

Անոր խօսքին համաձայն, հարցերը այնքան շատ են, ոլորտը` բարձիթողի վիճակի մէջ, որ տարբեր քաղաքական ուժեր հանդէս կու գան նոյն պահանջով` նախարարի հրաժարական պահանջելով, որովհետեւ անոր վարած քաղաքականութիւնը կը գնահատեն իբրեւ սպառնալիք ՀՀ ապագային:

«Թերացումները այնքան շատ են, որ իւրաքանչիւր խումբ կրնայ տասնեակներով նշել , իսկ այս բոլորին համար նախարարութենէն որեւէ պատասխան չկայ, եւ, կարծես թէ, կտրուած է հասարակութիւն-նախարարութիւն կապը», յայտարարեց Քրիստինէն: