Երեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղրդեց որ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան ժամանեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն թռիչք առած օդանաւ մը, որ կ՚ընդգրկէր 188 սուրիացիներ։
Յիշենք, որ 16 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը կոչ ուղղած էր այլ երկիրներ մնացող այն սուրիացիներուն, որոնք կը փափաքին Սուրիա վերադառնալ կապ պահելու Քահիրէի, Մասքաթի, Ապու Տապիի, Ամմանի, Քուէյթի, Խարթումի, Մանամայի, Մուսկոայի, Ալճերիոյ եւ Պաղտատի մէջ գտնուող սուրիական դեսպանատուներուն հետ եւ իրենց անունները արձանագրելու, որպէսզի սուրիական կառավարութիւնը յանձն առնէ անոնց վերադարձի դասաւորումները։