«Արմէնփրէս».- ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս 22 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է միջգերատեսչական խորհրդակցութիւն ՀՀ Պաշտպանութեան եւ Արտաքին Գործոց նախարարութիւններուն միջեւ` նախարարներ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Զոհրապ Մնացականեանի գլխաւորութեամբ:

Նախարարները կարեւոր համարած են նման ձեւաչափով պարբերական հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու իրականացումը` ռազմաքաղաքական ոլորտի որոշակի նախաձեռնութիւններու եւ հարցերու շուրջ միատեղ մօտեցումներ ձեւաւորելու նպատակով:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային մարտահրաւէրներ, միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան պահպանման եւ ամրապնդման համար միջազգային գործակցութեան առնչուող հարցեր: