Երեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները անգամ մը եւս յարձակում գործեցին Հասիչէ նահանգի Ապու Ռասին աւանին վրայ։
Տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ի տեղեկացուցին, որ Հասիչէի Տաուուտիէ եւ Պապ ալ Ֆարաճ գիւղերուն մէջ կայք հաստատած թրքական ուժերը հրթիռակոծեցին Ապու Ռասինի Հարմալէ եւ Նուվէյհաթ գիւղերը, որուն հետեւանքով նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան եւ բնակարաններ քանդուեցան։