«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան 22 Սեպտեմբերին երկու տարբեր ելոյթներով անդրադարձած է Հայաստանին:

Առաջին ելոյթը Էրտողան ունեցած է թուրք նախարարներու հետ հանդիպումէն ետք: Ելոյթի ընթացքին ան հայկական նիւթին անդրադարձած է Եւրոպա/Արեւմուտք-Թուրքիա քաղաքակրթական հակադրութեամբ:

Էրտողան հետեւեալ շեշտադրումը ըրած է․ «Մէկ անգամ ալ կը կրկնենք, որ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Եմենի եւ բազմաթիւ այլ մարդկային ճգնաժամներու մէջ կեղծաւորութիւն, անսկզբունքայնութիւն, շահադիտականութիւն ցոյց տուող երկիրները աշխարհի մէջ իրաւունք եւ արդարութիւն չեն հաստատեր: Յուլիսին Ատրպէյճանի վրայ  Հայաստանի յարձակումները կանխելու համար որեւէ քայլ չէ առնուած»:

Էրտողանի միւս անդրադարձը Հայաստանին ՄԱԿ-ի 75-րդ տարեդարձի ելոյթին  էր` հետեւեալ դիտարկումներով․

«Յուլիսին Ատրպէյճանի հողերուն վրայ յարձակող Հայաստանը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան առաջ կեցող ամենամեծ խոչընդոտն է: Մենք կողմ ենք, որ տարածաշրջանի հակամարտութիւնները մասնաւորապէս ԼՂ հարցը վայրկեան առաջ լուծուին Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի ու ԵԱՀԿ որոշումներուն համապատասխան»: