Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը ստանձնեց Չինաստանէն ժամանած բժշկական օժանդակութիւններէն բաժին մը, նկատի ունենալով որ Սուրիոյ մէջ առողջապահական հատուածը վատ պայմաններու մէջ է, տնտեսական պատժամիջոցներուն հետեւանքով։
Օժանդակութիւնները կ՚ընդգրկեն անձնական նախազգուշացման սարքեր, ինչպէս նաեւ շնչառական գործիքներ։