«Էրմէնիհանպեր».-Հրանդ Տինք հիմնադրամի կողմէն իրականացուող «Ատելութեան Խօսքը Մամուլին մէջ» նախագիծով կազմուած եւ հրապարակուած է հերթական զեկոյց: Զեկոյցին մէջ ներկայացուած է 2019-ին ցեղային, կրօնական եւ այլ խումբերուն մասին թրքական մամուլին մէջ կիրառուած ատելութիւն պարունակող կամ սերմանող խօսքի ծաւալները եւ քանակը: Զեկոյցին համար ուսումնասիրուած են մամուլի 4364 հրապարակում: Անոնցմէ 108 հրապարակումին մէջ առկայ  եղած է ատելութեան խօսք ուղղուած մէկէ աւելի խումբերուն դէմ: Նշուած է, որ ընդհանուր առմամբ 80 տարբեր խումբերու մասին օգտագործուած է 5515 ատելութեան խօսք:

Ատելութեան խօսքի թիրախ դարձած խումբերը ըստ հերթականութեան հետեւեալներն են.

Հայեր – 803 ատելութեան խօսք
Սուրիացիներ – 760
Յոյներ (Յունաստանի) – 754
Հրեաներ – 676
Յոյներ (Թուրքիոյ, Կիպրոսի եւ այլն) – 603
Քրիստոնեաներ – 334:

 

Հայերը ամենաշատ թիրախաւորուած են Խոջալուի դէպքերուն ու Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով յօդուածներուն մէջ։

Ընդհանուր առումով ատելութեան խօսքի 51 տոկոսը հրապարակուած է տեղական, իսկ 49 տոկոսը հանրապետական ծաւալով մամուլի մէջ:

Հանրապետական նշանակութեան մամուլի միջոցներէն ամենաշատ ատելութեան խօսքը կիրառած է «Yeni Akit» ընդգծուած ազգայնական թերթը` 263 անգամ:

Անոր կը յաջորդեն Yeniջağ  (155 անգամ), Diriliş Postası (131), Milli Gazete (123), Milat  (118) թերթերը: