Համայնքի մը վերակազմակերպման գործընթացին մէջ կարեւոր դեր ունի նաեւ աշխատանքի աւանդական ձեւերէն ձերբազատելու եւ նոր ոճ որդեգրելու պատրաստակամութիւնը։ Նորարարութիւն չի նշանակեր սկզբունքներու փոփոխութիւն, այլ աշխատելաոճի, որակի փոփոխութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ յարմարիլ ներկայ ժամանակներու երիտասարդութեան մտայնութեան, աշխատելաոճին եւ հետաքրքրութիւններուն։

Վարժարաններէն ներս եւս կարեւոր է այս փոփոխութիւնը։ Մեր վարժարանները, զորօրինակ, ցաւօք մինչեւ օրս ո՛չ կրցան մանկավարժական մնայուն ծրագիր մը որդեգրել, ոչ իւրաքանչիւր դպրոցի մնայուն հոգեբանական խորհրդատու մը ապահովել, հակառակ պատերազմական տարիներուն նման խորհրդատուի խիստ կարեւոր դերին, ոչ ալ դասաւանդութեան ոճին մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ կրցան մուծել։

Նոյնն է պարագան միութիւններու մեծ մասին։ Տակաւին մէկէ աւելի միութիւններ կը կրկնեն նախորդ տարիներուն կազմակերպուած եւ աւանդական դարձած ձեռնարկները՝  նոյն ոճով, նոյն ձեւով, երբեմն ալ նոյնանման ուղերձներով։

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը երեւան բերաւ մեր կառոյցներուն եւ դպրոցներուն առցանց աշխատանքի անվարժութիւնը,  հակառակ որ աշխարհով մէկ, տարիներէ ի վեր այս ձեւերը որդեգրուած ու փորձուած էին։ Գնահատելի էին կարգ մը նախաձեռնութիւնները, սակայն նախաքայլեր էին պարզապէս, անհրաժեշտ է պատրաստել  պաշտօնէութիւնն ու միութենական պատասխանատուները նման աշխատանքներու, ոչ միայն անսպասելի երեւոյթներու դէմ յանդիման օգտագործելու զանոնք, այլ մեր աշխատանքներուն մնայուն մէկ մասը դարձնելով մասնագիտանալու արհեստագիտական այս միջոցներու կիրարկման մէջ։

Նոյնքան կարեւոր է աշխատող մարդուժին, ուսուցիչներուն եւ վարչական պատասխանատուներուն համար ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնց շնորհիւ անոնք նաեւ մասնագիտական աճ ապրին եւ դուրս գան տեղքայլի քանդիչ ընթացքէն։ Մենք յաճախ երիտասարդ մասնագէտներ կը ներգրաւենք  մեր կառոյցներուն մէջ, սակայն իրենց համար հոն մասնագիտական առումով աճ ապրելու պայմաններ չենք ստեղծեր։ Հաւանաբար այս իսկ պատճառով անոնցմէ շատեր կը նախընտրեն օտար հաստատութիւններու մէջ ծառայել, թէ՛ նիւթական,  թէ՛ մասնագիտական գոհացուցիչ պայմաններ ձեռք բերելնուն համար։

Հաստատութիւններու մէջ մասնագէտ աշխատողները բանալի մարդիկ պիտի ըլլան, որոնք պիտի առաջնորդեն տուեալ հաստատութեան եւ անոր անդամներուն զարգացումը։ Այլապէս մեր հաստատութիւններն ու միութիւնները փոփոխական պայմաններուն հետ յարմարելու ճկունութիւն պիտի չունենան։

 

Եւ վերջապէս անհրաժեշտ կը գտնենք երկխօսութեան մշակոյթի զարգացումը։ Միութիւններու մէջ ներգրաւուողները երկխօսութեան ճամբով պիտի կարենան յառաջ տանիլ, զարգացնել, նոր ծրագիրներով օժտել որեւէ կառոյց, հաստատութիւն կամ միութիւն։

Եթէ չկայ երկխօսութեան մշակոյթ, աշխատանքը կը վերածուի սովորական պարտականութեան մը, որ ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը շարժէ եւ զարգացման առաջնորդող ոչ մէկ քայլի կը մղէ միութենականը, ուսուցիչը, վարչականը։

Սուրիահայ համայնքի վերակազմակերպումը սոսկ նիւթական ապահովելով չ’ամբողջանար։ Վերանայելու ենք մեր աշխատանքի ոճին, մասնագիտական մօտեցումին, միութեան անդամներուն միջեւ երկխօսութեան կիրարկումին։ Այս մտայնութեամբ առաջնորդուող բանալի անհատներ մեր հաւաքական կեանքը կրնան առաջնորդել դէպի նոր հորիզոններ, որքան ալ ծանր պայմաններու մէջ յայտնուի մեր համայնքը։

Վերակազմակերպումը զարգացում է վերջապէս, իսկ մեզ տկարացնողը ոչ միայն պատերազմն է, այլ նաեւ յառաջացումի հետեւողական ծրագիրներու բացակայութիւնը այլազան ճակատներու վրայ։

«Գ.»