Պատիս վրայէն յամառօրէն կոչ կ՚ուղղէ այս շրջանակը։ Յիշեցում մըն է ան, երբեմն ազդարար մը կամ թելադրանք մը։ Իր զուսպ եւ պարզ շրջանակին մէջէն, դեղին էջի մը տողերէն կը յանդիմանէ, կը ձայնէ. «Բոլորս սեւագիրներ ենք անդադար սրբագրուող»։

Յաճախ կը մտածեմ, մարդ ե՞րբ կատարեալ «ես»ին կը հասնի։ Երեսո՞ւն տարեկանին, վաթսունի՞ն, կա՞մ անհաս, անյայտ այդ տարիքին։ Ճերմակ էջի մը վրայ կատարեալ մաքրութեամբ սկսող այդ հեքիաթը ինչո՞ւ սրբագրութիւններու կ՚ենթարկուի։ Այդ կարմիր գրիչները ինչո՞ւ սառնասիրտօրէն կը փորձեն բոլոր հեքիաթները նոյն տառատեսակով տպագրել եւ նոյն յորդորներով կաղապարել։

Իւրաքանչիւր անձ հեքիաթագիր մըն է եւ ի ծնէ յանձն առած է այդ ճերմակ թուղթերը լրացնելու պարտականութիւնը։ Հոգին թանաքի կը վերածէ ու կը թրջէ գրիչը։ Կը սկսի գրել. «կար ու չկար…»։ Այս ծանօթ արտայայտութենէն յետոյ, արտաքին եւ ներքին բոլոր ազդակները անձնուիրաբար գործի կը լծուին։ Արտաքին սրբագրիչները կը փորձեն վաղեմի հեքիաթի մը վերածել տողերը, իսկ ներքին սրբագրիչը՝ անյագ փափաք մը կ՚ունենայ այդ վաղեմի հեքիաթին նմանելու։ Սակայն վերջաւորութեան, ճերմակ թուղթը կարմիր գրիչին արձակած նետերով կը նետահարուի եւ կ՚արիւնի։ Հեքիաթը այդ սպիներով կը գրուի եւ երբեք միատեսակ չ՚ըլլար։

Հապա ի՞նչ կը պատահէր, եթէ երբեք չսրբագրուէր իւրաքանչիւրիս հեքիաթը։ Այդ ձիւնաթաթախ թուղթին վրայի հեքիաթը այսօր մեր ունեցածին կը նմանէ՞ր։ Ինչպիսի՞ ընթացք մը եւ վերջաւորութիւն մը կ՚ունենար։ Հարցումները անվերջ են, սրբագրութիւններն ալ։ Սակայն մէկ բան յստակ է՝ հեքիաթը այդ սպիներով կեանք կ՚առնէ ու կը գեղեցկանայ։ Կարմիր գրիչին հարուածը ուժ կու տայ թուղթին եւ հեքիաթը թեւեր կ՚առնէ, կը սլանայ։

Երբեք չենք մոռնար այդ առաջին անբիծ ճերմակութիւնը։ Կը նկատենք հորիզոնին վերջնագիծը ու կը հիանանք ձիւնաճերմակ տարածութեան անմեղութեամբ։ Ճարահատեալ կը բանանք ուղի մը ձիւնով ծածկուած այդ ճամբուն վրայ ու կը սկսինք քալել։ Որքան կը քալենք, այդքան ոտնահետք կ՚աւելնայ ձիւնին վրայ, բայց մենք երբեք չենք մոռնար այդ առաջին ջինջ ճերմակութիւնը։

Չսրբագրուած ամէն ինչ մեր «կապոյտ տուներուն մէջ երկինքէն անդին են»։ Ահաւասիկ այդ կապոյտ տան պատուհաններէն մէկն ալ բացուած է իմ պատին վրայ, որ ամէն օր իր դեղին լոյսով աչք կը թարթէ ինծի՝ յիշեցնելով, որ բոլորս սեւագիրներ ենք անդադար սրբագրուող։ Անցեալի, ներկայի եւ ապագայի սրբագրուած եւ դեռ չսրբագրուած բոլոր հեքիաթներուս կամուրջն է Զահրատի այս ձեռագիրը։ Անոր չսրբագրուած «կապոյտ սարերը երկինքէն անդին» մանկութեանս կար ու չկարը կը պարուրեն։

Ահա հոգիս թանաքի կը վերածեմ ու գրիչս կը թաթխեմ։

Կար ու չկար…

Սարին Ագպաշ