«Երկիր».- ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական արարքին հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան մասին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է ԱՄՆ-ի, Քանատայի, Իրանի եւ Յունաստանի գործընկերներուն հետ:

«Արցախի դէմ Ատրպէյճանի զինուորական արարքին հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան մասին ՀՀ ԱԳ նախարարը հեռաձայնային զրոյցներ  ունեցած է ԱՄՆ պետքարտուղարի տեղակալ Սթիւըն Պիկանի, Քանատայի ԱԳ նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնի, Իրանի ԱԳ նախարար Ջաւատ Զարիֆի եւ Յունաստաի ԱԳ նախարար Նիկոս Տենտիասի հետ», գրած է Նաղդալեան: