Թուրքիոյ բարոյական, ֆիզիքական եւ զինուորական ուղղակի զօրակցութեամբ, Ազրպէյճանը այսօր առաւօտեան անգամ մը եւս լայնածաւալ օդային եւ հրթիռային յարձակում կատարեց արցախեան ամբողջ սահմանագիծին վրայ: Աւելի ուշ, ազերիական հրետանին թիրախ դարձուց նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը, ռմբակոծելով մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Թէժ մարտեր կը ծաւալին մինչեւ պահս: Ազերիական վարձկանները ետ շպրտուած են ու նահանջած, ստանալով ծանր հարուածներ եւ կրելով լուրջ վնասներ:

Պաքու յայտնապէս չէ համոզուած տակաւին, որ ուժի կիրարկումով պիտի չյաջողի պարտադրել իր կամքը, եւ ինչպէս նախորդ իր բազմաթիւ փորձերուն, այս անգամ եւս պիտի կրէ ջախջախիչ պարտութիւն:

Հայոց մարտունակ բանակի կորովը բարձր է, առնական հայ զինուորը տէրն է իր կոչումին, ժողովրդային կամաւորական խումբերը, որոնց շարքին` ՀՅԴ պահեստազօրքի գումարտակը արդէն հասած են ճակատ ու կանգնած` փառապանծ մեր բանակի կողքին ու թիկունքին, իսկ համայն հայութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կուռ միասնականութեամբ զօրավիգ է անպարտելի Արցախին, բանիւ եւ գործով:

Կեդրոնական Կոմիտէս իր բոլոր միջոցներով եւ Հայ Դատի Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մարմիններուն ու ՖՀԿԽ-ի հետ համադրաբար ու գործակցաբար արդէն իսկ սկսած է տուեալ երկիրներու քաղաքական բարձրագոյն շրջանակներու մօտ յարաբերական աշխուժ աշխատանք, պահանջելով, որ խստիւ դատապարտեն եւ ամէն գնով զսպեն Ազրպէյճանի սանձարձակութիւնը:

Կոչ կ’ուղղենք Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մեր համայնքներու բոլոր զաւակներուն, որ խիտ շարքերով իրենց մասնակցութիւնը բերեն յառաջիկայ օրերուն կազմակերպուող բողոքի հաւաքներուն եւ ելոյթներուն, ի զօրակցութիւն հայոց յաղթական բանակին եւ պինդ ու խրոխտ ժողովուրդին:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
27
Սեպտեմբեր 2020 Փարիզ