27 Սեպտեմբերին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած զինուորական գործողութիւնները, Թուրքիոյ բարոյական, ֆիզիքական եւ զինուորական ուղղակի մասնակցութեամբ, անգամ մը եւս կը հաստատեն Պաքուի իշխանութիւններուն ռազմապաշտ եւ նախայարձակ վարքագիծը։

Աւելի՛ն, այս անգամ ատրպէյճանական զինուած ուժեր թիրախ կ՛ընտրեն եւ կը հրթիռակոծեն Արցախի մայրաքաղաքն ու քաղաքացիական բնակավայրերը՝ սպառնալով անմեղ քաղաքացիներու, նոյնիսկ մանուկներու կեանքին։

Հայոց Ցեղասպանութենէն 105 տարի վերջ, անպատիժ մնացած Թուրքիան ցեղասպանական նոյն ծրագիրներով, այս անգամ Ատրպէյճանին զօրակցելով, կը սպառնայ Հայաստանին ու հայութեան՝ ուղղակի դերակատարութիւն ունենալով պատերազմի հրահրման մէջ։

Միւս կողմէ Պաքու յայտնապէս չէ համոզուած տակաւին, որ ուժի կիրարկումով եւ ԵԱՀԿ Մինսքի որոշումներուն խախտումով պիտի չյաջողի պարտադրել իր կամքը, եւ ինչպէս նախորդ իր բազմաթիւ փորձերուն, այս անգամ եւս ջախջախիչ պարտութիւն պիտի կրէ, որովհետեւ հայ զինուորը կը մարտնչի ի՛ր հողին, ի՛ր հայրենիքին ու խաղաղութեա՛ն հաստատման համար, մինչդեռ Ատրպէյճան կը ստիպուի վարձկաններ ապահովել՝ զիրենք շահագործելու իր ծաւալապաշտ ու տարածաշրջանի խաղաղութեան սպառնացող քաղաքականութեան համար:

Հայոց յաղթական բանակը սահմանային գիծի վրայ յանձն առած է հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը։

Ի տես այս իրավիճակին, սուրիահայ երեք կազմակերպութիւնները խստիւ կը դատապարտեն Ատրպէյճանի նախայարձակ վարքագիծը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ աւերներու եւ մարդկային ողբերգութեան պատճառ հանդիսացող Թուրքիոյ կողմէ այս անգամ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը բռնկեցնելու բացայայտ ոտնձգութիւնները եւ կոչ կ’ուղղեն միջազգային հանրութեան դատապարտելու Ատրպէյճանի  եւ Թուրքիոյ կողմէ ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի որոշումներուն ոտնահարումը, զինադադարի խախտումը եւ խաղաղ բնակչութեան սպառնալու ոճրային արարքները։

Կը դատապարտենք Թուրքիոյ անսահման աջակցութիւնը Ատրպէյճանին եւ Սուրիայէն թրքամէտ զինեալ խմբաւորումներու շահագործումը եւ ուղարկումը Ատրպէյճան, իբր վարձկաններ կռուելու Ատրպէյճանի կողքին` Արցախի ու Հայաստանի դէմ։

Անհրաժեշտ է վերջ տալ կրաւորականութեան եւ պատասխանատուութեան հրաւիրել Ատրպէյճանն ու Թուրքիան։

Մենք, ինչպէս միշտ, այս օրհասական պահուն մեր բոլոր կարելիութիւններով զօրավիգ կը կանգնինք Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, Հայոց մարտունակ բանակին եւ հայ քաջարի զինուորին՝ հայրենիքի պաշտապանութեան ու խաղաղութեան հաստատման իրենց վսեմ առաքելութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդը խաղաղասէր ժողովուրդ է, սակայն երբ հարկ ըլլայ խաղաղութեան համար արիւն կը թափէ առանց ընկրկելու։

Յարգա՜նք հայրենի հողի պաշտպանութեան համար զոհուած հայ նահատակներուն։

Ուժ, կորով եւ յաղթանակ Հայոց բանակին ու հայ կամաւորներուն։

 

Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Հալէպ,  28 Սեպտեմբեր 2020