Հայկական Կողմը Վերահաստատեց
Իր Վերահսկողութիւնը Կարգ Մը Դիրքերու Վրայ

27 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-ին Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի ամբողջ երկայնքին Ազրպէյճանը լայնածաւալ յարձակում սկսած էր: Պատերազմական վիճակը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ` 28 Սեպտեմբերին, երբ արցախեան սահմանի ամբողջ երկայնքին տեղի ունեցան մարտեր: Հայ-ազրպէյճանական սահմանին ազրպէյճանական կողմը սադրանքներու  դիմած է` առայժմ միայն Վարդենիսի ուղղութեամբ: Հայաստանի եւ  Արցախի մէջ յայտարարուած է ռազմական դրութիւն, տեղի կ՛ունենայ ընդհանուր զօրահաւաք:

Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքի հատուածին մէջ ազրպէյճանական պատերազմական օդանաւ մը ջախջախուած է: Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան:

«Այսօր արդէն կրնանք յստակ ըսել, որ հաստատ  Մարտունի քաղաքի հատուածին մէջ թշնամիի օդանաւ մը ջախջախուած է», ըսած է Պօղոսեան:

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ թշնամին սկսած է լայնածաւալ յարձակողական նոր գործողութիւն Արաքսի հովիտի հատուածին վրայ եւ Մատաղիս-Թալիշ հատուածներուն մէջ:

«Արցախի պաշտպանութեան բանակը յաջողութեամբ կը դիմակայէ բոլոր յարձակումներն ու գրոհները եւ հակառակորդին կը հասցնէ անձնակազմի եւ զինամթերքի զգալի կորուստներ: Այս պահու դրութեամբ ոչնչացուած է հակառակորդի 22 միաւոր հրասայլ եւ 10 միաւոր այլ զրահամեքենայ: Ոչնչացուած է աւելի քան 370 զինուորական: Ունին մեծ քանակով վիրաւորներ: Ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, վիրաւորներուն մէջ ծանր վիրաւոր զինուորներուն քանակը կը կազմէ 35 առ հարիւր», գրած է Յովհաննիսեան:

Երէկ երեկոյեան, Արցախի պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար Արթուր Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ դիրքային  փոփոխութիւններ բնականաբար եղած են: Գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած են յամառ մարտեր, որոշ հատուածներու վրայ դիրքերը վերականգնուած են: Սարգսեան ըսած է. «Համազօրային ժամանակակից մարտին մէջ` օգտագործելով արդի սպառազինութիւնը, ընթացքը անընդհատ կ՛աճի եւ ժամ առ ժամ դիրքային փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ»:

27-էն 28 Սեպտեմբերի լուսցող լոյս 28-ի գիշերը մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: Թշնամին առաւօտեան կիրարկած է նաեւ ՏՕՍ ծանր հրանետ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի ձեռնարկած հակայարձակումին հիմամբ հայկական կողմը ետ վերցուցած է 27 Սեպտեմբերին կորսնցուցած շարք մը դիրքեր, եւ հայկական կողմը մնացած են ազրպէյճանական բանակի տասնեակ սպաննուածներ:

Իսկ առաւօտեան թշնամին հրետանային կրակ վարած է Մարտակերտ քաղաքին ուղղութեամբ:

27 Սեպտեմբերէն սկսած մարտական գործողութիւններուն պատճառով հայկական կողմը ունի մօտ 200 վիրաւոր:

Պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ հայկական կողմի ընդհանուր կորուստներուն թիւը 59 է:

Երէկ կէսօրէ ետք հարաւարեւելեան ուղղութեամբ համեմատաբար թեթեւ  մարտեր տեղի ունեցած են, մնացած ուղղութիւններով կռիւները  շարունակուած են: Հրետակոծուած են հիւսիսային բնակավայրերը` մասնաւորապէս Մարտակերտ քաղաքը: Հրետակոծութեան ընթացքին հոն եղած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: