“Արմէնփրէս”._ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարելով տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերուն պատկանող F-16 կործանիչները 29 Սեպտեմբերին, ժամը 10:30-ին օդ բարձրացած էին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան «Կեանճա» օդակայանէն եւ ապահոված էին Ատրպէյճանի «Տալեար» օդակայանէն ՀՀ Վարդենիսի տարածաշրջանի Վարդենիս, Մեծ Մասրիք, Սոթք տարածաշրջաններուն մէջ տեղակայուած ՀՀ բնակավայրերու եւ Զինեալ ՈՒժերու ցամաքային ստորաբաժանումներուն ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ՍՈՒ-25 եւ թրքական արտադրութեան «Պայրաքթար» ԱԹՍ-ով ռմբահրթիռային հարուածները:

«Տուեալ ժամանակահատուածին ՀՀ ԶՈՒ ՀՕՊ զօրքերու ստորաբաժանումներուն կրակային աջակցման մարտական գործ կը կատարէր իւրային աւիացիան։

Մարտական հարցը կատարելու ընթացքին հակաօդային եւ օդային մարտերու Թուրքիոյ Հանրապետութեան F-16 բազմակողմանի կործանիչի կողմէն ՀՀ օդային տարածքին մէջ խոցուած է ՀՀ ԶՈւ զինուորական օդային ուժերու ՍՈՒ-25 գրոհիչը: Օդաչուն, ցաւօք, հերոսաբար նահատակուած է:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան F-16 բազմակողմանի կործանիչը, ըստ առարկայական հսկումի միջոցներուն, գտնուած է 60 քմ խորութեան, 8200 մեթր բարձրութեան վրայ», գրած է Ստեփանեան։