“Երկիր”._ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն Facebook-ի իր էջին վրայ տեսանիւթ տարածած է, թէ ինչպէս մեր զինեալ ուժերը խոցած են ատրպէյճանական «Орбитер-1K» անօդաչու թռչող սարքը:

Տեսանիւթին մէջ երեւած է, թէ ինչպէս տղաք թիրախաւորած են ԱԹՍ-ն, ու երբ հարուածը նշանակէտին հասած է, ոգեւորուած կանչած են. «Կպաա՜ւ»: