«Երկիր»․- 30 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը (Այսուհետեւ՝ ՄԻՊ) տեղեկութիւն ստացած է, որ նոյն օրը ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ Մարտակերտ քաղաքի քաղաքացիական վայրերու ռմբակոծութեան հետևանքով երեք քաղաքացի զոհուած է՝ երկու կին և մէկ տղամարդ, իսկ մէկայլ քաղաքացի վիրաւորուած է: Զոհերուն և վիրաւորին ինքնութիւնը կը ճշդուի:
Արցախի ՄԻՊ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ. «Ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու հարազատներուն՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան ու վայրերու նպատակային ու շարունակական թիրախաւորումը, ինչ որ կը յանգեցնէ մարդկային ու գոյքային լրջագոյն կորուստներու: Պաշտպանը կ՛արձանագրէ, որ Ապրպէյճան կոպտագոյն կերպով կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքները՝ ոչ խտրական ու դիտումնաւոր կերպով կրակելով քաղաքացիական բնակավայրերու ուղղութեամբ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն համապատասխան գնահատական տալ ատրպէյճանական զինուած ուժերու գործողութիւններուն և կիրառել իրենց ողջ գործիքակազմը Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան իրաւունքներու լայնամաշտապ ու վայրագ ոտնահարումները կանխելու նպատակով»: