Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը դատապարտէ 27 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան սկսած ազերիեական յարձակումները, որոնք Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդն ու տարածքը թիրախաւորելով՝ մեր ժողովուրդի զաւակներէն մեծաթիւ նահատակներ խլեցին։

Ազերիական այս ոտնձգութիւնը շարունակութիւնն է տարիներէ ի վեր ազերի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան, որ կը մերժէ ամէն տեսակ բանակցային գործընթաց ու կ’ապաւինի ռազմական միջոցառումներու։ Քաղաքականութիւն մը, որ անմեղ հայ զոհերու արեան գնով միայն յանգած է խայտառակ ձախողութեան:

Ատրպէյճանին այս անգամ կը միանայ ցեղասպան Թուրքիան, որ շարունակելով հայոց հանդէպ իր քաղաքականութիւնը՝ նորանոր կոտորածներ իրագործելու ու հողատարածքներ գրաւելու նպատակով անվարան իր վարձկանները փոխադրած է Արցախի պատերազմական ճակատ, թիրախաւորելու պահանջատէր ու իր հայրենիքին տէր կանգնած արցախցի հայ ժողովուրդը։

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, ատելութեան վրայ հիմնուած, իրենց թշնամական քաղաքականութեամբ դարձած են Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքին եւ ամբողջ աշխարհի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիքի հիմնական աղբիւրը։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իրենց երկիրներուն ապրած տնտեսական ճգնաժամերէն եւ ժողովրդային մեծ բողոքներէ ետք կը փորձեն իրենց ներքին խնդիրները արտահանել շրջակայ երկիրներ՝ երկարաձգելու իրենց բռնապետութիւնը սեփական եւ այլ ժողովուրդներու հանդէպ։

Թուրքիան ռազմական եւ քաղաքական անսահման միջամտութեան կողքին, իրեն պատկանած լրատուամիջոցներով կը փորձէ կեղծ տեղեկութիւններ տարածել՝ իր ոճիրները արդարացնելու, համաշխարհային հասարակական կարծիքը ապակողմնորոշելու եւ կրօնական քինախնդրութիւն ստեղծելու նպատակով:

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին պատասխանատուութիւն ստանձնելով վերջ տալու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ոճիրներուն:

Արցախի հարցին լուծումը կարելի է միայն խաղաղ միջոցներով և Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման անհերքելի իրաւունքին հիմքով։

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
2 Հոկտեմբեր 2020